ՓԱՐԻԶ.- Յունիս 27ին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քազանի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման մասին տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, թէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի եռանախագահները յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելեն «Երեւան, Պաքու եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ պատրաստելու համար բանակցութիւններու շարունակութիւնը»:
«Ինչպէս նշուած է (Քազանի մէջ ընդունուած) յայտարարութեան մէջ, Քազանի հանդիպումը յստակացուց կամ հաստատեց փոխըմբռնման շարք մը կէտեր, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու բանակցութիւնները ներկայ հիմքին վրայ՝ միջնորդներու առաջարկած կարգաւորման սկզբունքներու հետագայ ընդունման նպատակով», նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Վստահեցնելով, որ այս «արդիւնքը աննշան չէ»՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ «Ֆրանսան, Մինսկի խումբի համանախագահ գործընկերներու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ, ջանքեր պիտի չխնայէ օգնելու համար կողմերուն բանակցութիւնները շարունակելու գործին»: