
Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, թէ միջազգային միջնորդները մեծ յոյսեր կը կապէին Յունիս 24ի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին՝ կոչ ուղղելով ընդունելու հիմնական սկզբունքները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւնները դուրս պիտի բերէին փակուղիէն։
«Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները փոխհամաձայնեցուած ճնշում կը գործադրէին կողմերուն վրայ, որպէսզի վերջիններս Քազանի մէջ ընդունին հիմնարար սկզբունքները։ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ շատ ժամանակ ու քաղաքական դրամագլուխ ներդրած էր այդ նախագիծին մէջ, սակայն Ռուսիոյ մէջ մօտեցող ընտրութիւններու շրջանը աւելի դժուար պիտի դարձնէ համաձայնութիւնը», կը գրէ օրաթերթը։
Վերլուծաբան Թոմաս տէ Վաալ, նոյն օրաթերթին յայտնած է. «Կ՛ենթադրուէր, որ եկած է պահը։ Տարուէ տարի կողմերու դիրքորոշումները կը կոշտանան, հետեւաբար՝ պատերազմիլը աւելի դիւրին կը դառնայ»։
Բանակցութիւններուն մասնակից դիւանագետ մը «Նիւ Եորք Թայմզ»ին յայտնած է, թէ Քազանի հանդիպումը ապարդիւն եղած է, սակայն համաձայնութեան շուրջ աշխատանքը պիտի շարունակուի։ Ըստ անոր, երկու կողմերէն ալ յառաջընթացը աւելի փոքր եղած է, քան միջնորդներուն ակնկալածը։
Օրաթերթը կը գրէ, որ ներքաղաքական խնդիրները լուրջ խոչընդոտ են լուծման համար, եւ կը նշէ, թէ երկու երկիրներու ղեկավարները վրդովմունքի մեծ ալիք պիտի բարձրացնեն իրենց երկիրներուն մէջ, եթէ զիջումներ կատարեն։ Քազանէն առաջ միջնորդները կ՛ըսէին, որ լուրջ տարակարծութիւնները աւելի քիչ են, սակայն յստակ չէր՝ արդեօք երկու ղեկավարները քաղաքական կամք պիտի ունենա՞ն համաձայնագիրը իրենց քաղաքացիներուն ներկայացնելու։
Ամերիկեան այլ թերթ մը՝ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը, կը գրէ, որ Քազանի վեհաժողովը կողմերուն համար շարք մը սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան հասնելու վերջին տասնամեակի լաւագոյն առիթն էր։
Ռուսական «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Քազանի հանդիպումը ապարդիւն աւարտած է, հակառակ անոր, որ կ՛ակնկալուէր հակամարտութեան կարգաւորման «Ճանապարհային քարտէս» մը։ «Էխօ Մոսքվի» կ՛աւելցնէ, թէ նախքան վեհաժողովը, կը թուէր, որ Ռուսիոյ նախագահը շատ մօտ եղած է իր արտաքին քաղաքական ամենալուրջ յաջողութեան, եւ թէ ամէն ինչ պատրաստ է՝ համաձայնագիր ստորագրելու համար։