
ՓԱՐԻԶ, «Ազդակ».- Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը նախորդ երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ գումարեց իր տարեկան խորհրդաժողովը, որուն աւարտին հրապարակեց իր պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն բանաձեւներէն մէկը Թուրքիայէն պահանջեց ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: (բանաձեւի բնագիրը կը հրատարակենք «Օրը Օրին» սիւնակով):
Այս առիթով, «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերի հետ՝ նկատի ունենալով, որ ան մաս կը կազմէ նաեւ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովին եւ անդամ է անոր ընդհանուր քարտուղարութեան գործադիր խորհուրդին:
Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին որդեգրման մասին Մուխայպեր յայտնեց, որ բանաձեւի այդ նախագիծը ներկայացուած է վեհաժողովի անդամ հայ ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան կողմէ, եւ ստանալով խորհրդաժողովին ներկայ 20 երկիրներու խորհրդարաններու պատուիրակներուն հաւանութիւնը՝ միաձայնութեամբ որդեգրուած է Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի 18րդ խորհրդաժողովին պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Վեհաժողովին մասնակցած հայկական պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոներ Մկրտիչ Մինասեանէն եւ Ռուզան Առաքելեանէն:
Մուխայպեր նշեց, որ այս տարի հայութեան վերաբերող բանաձեւը աւելի քաղաքական բնոյթ ունէր, որովհետեւ անիկա Թուրքիայէն կը պահանջէր ճանչնալ ու ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխան հատուցումներ կատարել հայութեան:
«Մինչդեռ անցեալ տարուան խորհրդաժողովին բանաձեւը ընդգծած էր, որ հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողները պէտք է պահպանել որեւէ աւերէ կամ քանդումէ, ըլլան անոնք Արեւմտահայաստանի, թէ Ատրպէյճանի մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ խստիւ մերժած՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախին դէմ պատերազմ յայտարարելու սպառնալիքները եւ շեշտած, որ այդ տագնապը պէտք է խաղաղ միջոցներով լուծել եւ հայ ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքը յարգել», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրեց նաեւ այլ բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին արաբեւիսրայէլէան տագնապին, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հարցին: