Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Համազգայինի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղի «Նուռ» Մանկական Պարախումբի Ելոյթը
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Վստահ ենք, որ «Ասպարէզ»ի ընթերցողները կը հետեւին Ֆրեզնոյի գաղութի կեանքին եւ ձեռնարկներուն, որոնք կ՛արձանագրուին «Ասպարէզ»ի Շաբաթ օրուան թիւերուն մէջ, եւ կրնան գաղափար մը կազմել հայկական այս գաղութին ու միութիւններու գործունէութիւններուն մասին:
2011ի դպրոցական տարեշրջանի վերջին ձեռնակը Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի
Մանկական պարախումբի ելոյթն էր, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 12 Յունիս, 2011ին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին. անիկա կու գայ գեղեցիկ եւ նոր էջ մը բանալու գաղութի պատմութեան մէջ, եւ հակառակ վերջին օրը վայրի փոփոխութեան, որ շփոթութիւն ստեղծած էր շատերու մօտ, Քլովիսի «Մերսետես Էտուըրտզ» թատերասրահը կը յորդէր ծնողներով, միութիւններու ներկայացուցիչներով եւ բարեկամներով, որոնց թիւը, ըստ ոմանց, կը գնահատուէր աւելի քան 600 հոգիով. անոնք ելոյթին ամբողջ տեւողութեան, ծափերով եւ կանչերով կը դիմաւորէին խայտաբղէտ տարազներու մէջ քօղարկուած 5-10 տարեկան «Նուռ» մանկական պարախումբի «Նռան Հատիկներ»ն ու անոնց թաթիկներուն «հեզաճկուն» շարժումները:
Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պօղոս Հանտեան բեմ բարձրանալով՝ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անոնց ներողամտութիւնը խնդրեց՝ ներկայացման վայրի փոփոխութեան համար, ապա շնորհակալութեան խօսքեր արտասանեց Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, շրջանիս եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձուներուն, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, Չարլի Գէյեան Համագաղութային վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ շրջանիս բոլոր միութիւններուն ու անհատ բարեկամներուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ զօրավիգ հանդիսացան այս ձեռնարկի յաջողութեան, ապա բեմ հրաւիրեց հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանն ու պարախումբի կնքահայր՝ տէր եւ տիկին բժիշկ Արա Սողոմոնեանը: Տէրունական աղօթքէն ետք, պարախումբին անունը «Նուռ» յայտարարուեցաւ, ներկաները բուռն ծափերով եւ կանչերով ողջունեցին նոր անունը: Այս առիթով բեմ հրաւիրուեցան շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռոժէ Խտըրեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Հայկօ Օհաննէսեան՝ իրենց սրտի խօսքը փոխանցելու:
Նախքան պարախումբին ելոյթը, պաստառի վրայ ցուցադրուեցան պարողներուն նկարները, իսկ ելոյթի ամբողջ տեւողութեան, իւրաքանչիւր պարի սկզբնաւորութեան, Բեկոր Գարօղլանեանի պատրաստած տեսարաններու հմայիչ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենար՝ ընդելուզուած լոյսի խաղերով, որոնց կ՛ընկերանար ասմունքով Մարգարիտ Տումանեանը, իր գրաւիչ եւ տիրական ձայնով, գովքը հիւսելով Նռան եւ Հայաստանին.
Իմ քաղցրանուն, իմ բարձրանուն, իմ տառապած, իմ փառապանծ,
Դու՝ խաղողի խչմարուած վազ,
Դու՝ Զուարթնոց աւեր տաճար,
Կոմիտասեան ծիրանի ծառ:
Ես իմ անոյշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում,
Ու Նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում:
Այսպիսի գրաւիչ, հայաշունչ մթնոլորտի մէջ, բեմը կը բացուէր եւ նռան հատիկները՝ ժպիտը շրթներուն եւ նազանքով մուտք գործելով կը պարէին:
23 փոքրիկներ՝ 18 աղջիկ եւ 5 մանչ, 5-10 տարեկան, շուրջ երկու ժամ, առաջնորդութեամբ պարուսոյց Լուսինէ Յարութիւնեանի, 10 պարեր ներկայացուցին՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին. նոյնքան ջերմութեամբ եւ ծափերով դիմաւորուեցան Անահիտ Խուրտաճեանի երկու մենապարերը, որոնք ներկայացուեցան մեծ ապրումով եւ շարժումներու նրբութեամբ:
Ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երկու յօրինումներով կիթառահար Գալօղլանեան եղբայրները՝ Սերգէյն ու Դրօն, ընկերակցութեամբ խժանուագահար Նիկոլ Շահինեանի:
«Նուռ» մանկական պարախումբը հետեւեալ պարերը ներկայացուց. «Նուռ», «Շալախօ», «Անի», «Մառան Մտանք», «Յունական պար», «Երազ», «Շորորա», «Կիլիկիա» եւ «Երազանք», իսկ վերջաւորութեան «Կարմիր, Կապոյտ, Ծիրանագոյն» երգով, բոլոր պարողները, Եռագոյն դրօշը կուրծքերուն՝ բեմ բարձրանալով պարեցին եւ ծաղիկներ նետեցին հանդիսականներուն:
«Նուռ» պարախումբին Կիրակի օրուան ելոյթը, կարելի է նկատել վերջին շրջանի ձեռնարկներուն փառապսակը եւ անառարկելի փաստ մը բոլոր անոնց, որոնք դեռ որոնումի մէջ են եւ ունին տենչանք՝ հանրութեան ներկայանալ մասնագիտացած պարուսոյցներով, դերուսոյցներով եւ երգչախումբի ղեկավարներով: Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հաւատայ եւ ունի այն խոր համոզումը, թէ աշխատանքն ու զոհողութեան ոգին հրաշքներ կրնան գործել… մագիստրոսի վկայականով շատ ուսուցիչներ, գործիչներ իրենց ասպարէզին մէջ չեն յաջողած, մինչ 6րդ դասարանը վերջացուցած ուսուցիչն ու ղեկավարը, գաղութներու մէջ հրաշքներ գործած են… վկան՝ մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթի սպասարկողներէն շատեր:
Ատենապետը, կրկին բեմ բարձրանալով՝ իր երախտագիտական զգացումները փոխանցեց՝ ըսելով.
«Բոլորս ուրախ ենք, ի տես այս փոքրիկներուն, որոնք իրենց պարերով մեզ ուրախացուցին. այս յաջողութիւնը, սիրելի ներկաներ, կը պարտինք մեր սիրելի պարուսոյց Լուսինէ Յարութիւնեանի տքնաջան աշխատանքին, որուն համար կու գանք հրապարակաւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու: Շորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն, ընկերներ Ղազարոս Գալընճեանի, Վարուժան Գալընճեանի, Արա Քենտրճեանի եւ յատուկ շնորհակալութիւն՝ վարչութեան քարտուղարուհի Եւգինէ Գարօղլանեանի, որ սիրայօժար կերպով պատրաստեց պարողներուն բոլոր տարազները, օգնութեամբ՝ Լուսինէ Յարութիւնեանին. նմանապէս շնորհակալութեան խօսք ունինք Անահիտ Խուրտաճեանին, որ երկու մենապարերով ճոխացուց մեր յայտագիրը, ինչպէս նաեւ Գարօղլանեան եղբայրներ՝ Սերգէյին եւ Դրոյին, Նիկոլ Շահինեանին, որոնք ուրախութեամբ ու հաճոյքով իրենց մասնակցութիւնը բերին, իսկ Մարգարիտ Տումանեանն ու Բեկոր Գարօղլանեանը ասմունքով եւ պատմական պատկերներու ցուցադրութեամ մեր սրտերը ջերմացուցին: Շնորհակալութիւն նաեւ իրենց՝ մեր տաքուկ սրտերէն: Շնորհակալութիւն մեր ծնողներուն, հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձուներուն, մարմիններուն եւ բարեկամներուն… մեր յաջողութիւնը կը պարտինք բոլորիդ»:
——————————————————————————————————————————————–
Նաիրա Հրաչեանի Նկարչական Գործերու Ցուցահանդէս
Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Յունիս 17ին տեղի ունեցաւ Նաիրա Հրաչեանի նկարչական գործերու ցուցահանդէսը։
Ձեռնարկը կայացաւ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայ եղան նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն խումբ մը պատանիներ, որոնք առիթը ունեցան տեսակցելու արուեստագիտուհիին հետ։
Նաիրա Հրաչեան ծնած է Երեւան։ 1981 թուականին աւարտած է երկրորդական եւ միաժամանակ «Գոճոյեան» արուեստի դպրոցները։ Ան կ՛ապրի Լոս Անճելըս՝ 2006 թուականէն ի վեր, եւ կը գործէ որպէս նկարիչ։
———————————————————————————————————————————————-
Արուեստագէտ Պատանիներ Կը Փնտռուին Հոկտեմբեր Ամսուան Համար
Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը կը կազմակերպէ մշակոյթի ամսուան նուիրուած ձեռնարկ մը՝ յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Սոյն ձեռնարկը նուիրուած է տաղանդաւոր հայ փոքրերու եւ պատանիներու՝ ներշնչուելով Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն, որուն համաձայն, 2011 տարին յայտարարուած է «Հայ Մանուկի Տարի»։
Այս ձեռնարկին բեմ պիտի բարձրանան արուեստի զանազան մարզերու մէջ յառաջացած տասէն տասնվեց տարեկաններ։
Վերոյիշեալ պայմանները լրացնող անձեր, որոնք կը փափաքին մաս կազմել, կրնան դիմել կազմակերպիչ մասնաճիւղին հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով՝ htglendale@yahoo.com։ Կարելի է նաեւ հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ (818) 547-4262:
=============================================================================================
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Խօսքը՝ «Նուռ» Մանկական Պարախումբին Առաջին Ելոյթին Առիթով

Արժանապատիւ Տ. Վահան քհնյ. Կոստանեան, պատուարժան «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէ, շրջանի ՀՄԸՄի, ՀՕՄի եւ այլ հայ եւ օտար միութիւններու անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, շատ սիրելի Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, սիրելի հիւրեր, բարեկամներ եւ համազգայնականներ,
Դարերու պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, պարը եղած է ժողովուրդներու մշակութային կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը: Հայկական պարը, մեր երաժշտութիւնը, ճարտարապետութեան եւ գրականութեան պէս, անբաժանելի մասն է մեր հայկական ինքնութեան:
Հայկական պարախումբերը, թէ հայրենիքէն ներս եւ թէ Սփիւռքի մէջ, եղած են եւ կը մնան մեր մշակութային արժէքները հայ թէ օտար հանդիսատեսին ներկայացնող լաւագոյն ներկայացուցիչները:
Հայ ծնողները, իրենց երեխաներու մասնակցութիւնը բերելով հայ պարախումբերուն՝ կը գիտակցին, որ անոնք պիտի դաստիարակուին եւ դառնան արուեստասէր, առողջ մարմինով ու հայեցի ոգիով զաւակներ:
Ահա նոյն նպատակով, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, իբրեւ հայ մշակոյթի արթուն պահակ, իր բոլոր մասնաճիւղերէն ներս, ըլլան անոնք Լիբանանի հայահոծ թէ Պուլկարիոյ փոքրաթիւ հայկական գաղութներու տարածքին, հիմնած, պահպանած եւ հովանաւորած է հայկական պարախումբեր, որոնք իրենց նպաստը բերած են այդ գաղութներու մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ պարման-ուհիներու հայեցի դաստիարակութեան գործին:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի զանազան մասնաճիւղեր ունին իրենց պարախումբերը, եւ այդ ընտանիքին մաս կը կազմէ Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի մանկապատանեկան «Նուռ» պարախումբը, որ այսօր իր առաջին ելոյթով հանրութեան կը ներկայանայ:

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան անունով կը շնորհաւորեմ այս ուրախ եւ ոգեշունչ առիթը, եւ կը գնահատեմ բոլոր դերակատար անձերը, մասնաւորաբար՝ մասնաճիւղի վարչական կազմը, պարախումբի նուիրեալ պարուսոյց Լուսինէ Յարութիւնեանը, պարախումբի անդամներն ու իրենց ծնողները:
Հրապարակաւ կ՛ուզեմ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան մեր խօսքը յայտնել այսօրուան ազգանուէր տէր եւ տիկին տոքթ. Արա եւ Լոռի Սողոմոնեաններուն:
Ստեղծագործական կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի «Նուռ» պարախումբին:
Բոլորին վարձքը կատար: