ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մայրաքաղաքի կանաչապատման աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտօրէն կազմակերպելու նպատակով, Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարութեամբ ներածուած են յատուկ նշանակութեամբ ճարտարագիտական 500 սարքեր՝ խոտհնձիչներ, փորող-փխրեցնող գործիքներ եւ այլն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Աղբիւրին փոխանցումով, առաջին անգամն ըլլալով, Գանատայէն ներածուած է նաեւ մասնագիտացած բեռնատար, որուն մէջ տեղադրուած համակարգերը ծառը բնարմատով ու բնահողով միասին տեղափոխելու հնարաւորութիւն կու տան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.