ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Ազգային Կոնգրեսի գրասենեակի ներկայացուցիչ Աւետիս Աւագեան, Յուլիս 8ին, Մարտ 1ի գործին առնչութեամբ իբրեւ վկայ հրաւիրուած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ հարցաքննուելու համար: Մարտ 1ի գործով քննչական խումբի ղեկավար Վահագն Յարութիւնեան յայտնեց, թէ Աւագեան հարցաքննուած է՝ վերջերս «YouTube» կայքին վրայ Մարտ 1ի իրադարձութիւնները պատկերող քանի մը տեսանիւթերու տեղադրման առնչութեամբ:
Աւագեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Յատուկ քննչական ծառայութիւն հրաւիրուելու իրողութիւնը, սակայն մերժեց մանրամասնութիւններ ներկայացնել: