ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Վահրամ Ներսիսեանց նշանակուած է Համահայկական դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն:
Անցեալ տարուան 9 Դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահի տնտեսական հարցերով նախկին գլխաւոր խորհրդական Վահրամ Ներսիսեանց նշանակուած էր Համահայկական դրամատան գործադիր տնօրէն, եւ կ՛ակնկալուէր, որ դրամատունը արդէն այս տարի պիտի աշխատի: Սակայն դրամատունը առ այսօր որեւէ գործառոյթ չէ իրականացուցած, քանի որ, ինչպէս պարզուած է, անիկա չէ ունեցած դրամատնային գործունէութեան արտօնագիր: Միայն այս տարուան 3 Յունիսին Կեդրոնական դրամատան խորհուրդը որոշեց Համահայկական դրամատան տրամադրել դրամատնային գործունէութեան արտօնագիր: