Եթէ դրսեցիի հայացքով նայինք մեր համայնքային կեանքին, իրապէս տպաւորիչ պատկեր մը կը պարզուի մեր առջեւ:
Արդարեւ, ժամացոյցի ճշդապահութեամբ, տեղի կ՛ունենան միութիւններու ժողովներ՝ ընտրական թէ հերթական, կը կազմակերպուին ձեռնարկներ՝ մեծաւ մասամբ ամէնամեայ, կը կատարուին հանգանակութիւններ՝ հոգալու համար հաւաքական կեանքին անհրաժեշտ ծախսերը, եւ տարուան մեծ մասը (բացառելով ամառնային արձակուրդային շրջանը, երբ ամէն ինչ կը դանդաղի), որոշակի կշռոյթով մը շարժումի մէջ կ՛ըլլայ ազգային միութենական կառոյցներու շուրջ հաւաքուած հասարակութիւնը:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերը նոր փակեցինք ու վստահ ենք, որ յաջորդ տարուան համար պատրաստութիւնները արդէն սկսած են:
Հայ Օգնութեան Միութեան 91րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը այսօր կ՛աւարտէ իր աշխատանքները՝ ընտրելով նոր վարչութիւն, որ պիտի հետեւի կազմակերպութեան այս ափին գործող մասնաճիւղերու աշխատանքներուն՝ միեւնոյն ատեն ծրագրելով շրջանային մակարդակի ձեռնարկներ:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը իր սեփական ճամբարին մէջ հարիւրաւոր պատանիներու ամառնային անփոխարինելի պահեր մատուցելու հեւքին մէջ է, ինչպէս նաեւ իր շարքերէն խումբեր հայրենիք ուղարկած է՝ Գիւմրիի երեխաներուն հետ աշխատելու:
«Համազգային»ը իր մասնաճիւղերուն շնրոհիւ կը ծրագրէ թատերական, երաժշտական, պարային արուեստի ձեռնարկներ, որոնք կը գումարուին շրջանային վարչութեան յանդուգն նախաձեռնութիւններուն վրայ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի եկեղեցական եւ աշխարհական մարմինները մեծ թափով կը պատրաստուին աշնան սպասուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի այցելութեան, որ վստահաբար պիտի վերածուի յիշատակելի իրադարձութեան մը գաղութիս տարեգրութեան մէջ:
Դպրոցները, կրթական տարեշրջանը փակած ըլլալով հանդերձ, ամառնային շրջանը կ՛օգտագործեն նախապատրաստուելու ամէնէն կարեւոր պատասխանատուութեան՝ յաջորդ տարուան կրթական ծրագիրը լաւագոյնս իրականացնելու գերնպատակին:
Հայ կեդրոններու մէջ կեանք կայ, ժողովական, մարզական, մշակութային հանդիպումներ, կազմակերպչական խնդիրներ, նիւթական միջոցներ գոյացնելու, շինարարական, վերանորոգման համար անհրաժեշտ գումարներ գտնելու ծրագիրներ կը մշակուին, համայնքի բարերար շրջանակին հետ կապուելու, հերթական անգամ անոնց օժանդակութեան դիմելու ճամբաներ կ՛որոնուին, համայնքի փոփոխուող կարիքները կը գնահատուին ու համապատասխան լուծումներով այդ կարիքները գոհացնելու ճիգերը կը համադրուին:
Ասիկա դեռեւս այս հսկայ համայնքին մէկ շրջանակն է: Նոյն եռուզեռով կ՛ապրին կուսակցական, բարեգործական եւ մշակութային այլ կառոյցներու շուրջ գործող միութիւնները, Էջմիածնական թեմի ծուխերը, Կաթողիկէ, Աւետարանական համայնքները, ամէնօրեայ, կիրակնօրեայ, շաբաթօրեայ դպրոցները, ճամբարները:
Հայրենակցական միութիւնները, այստեղի եւ մեր նախկին բնակավայրերուն մէջ գործող վարժարաններու շրջանաւարտից միութիւնները, մասնագիտական հիմունքներով կազմուած ընկերակցութիւնները, որոնք վերջերս կը ներգրաւուին համասփիւռքեան կառոյցներու մէջ, կամ առնուազն՝ համահայկական ծրագիրներու մասնակցելու քայլեր կ՛առնեն… այս բոլորը կու գան ճոխացնելու մեր համայքնային առօրեան:
Դուրսէն նայողին համար, այս բոլորը կը գործեն լարուած մեքենայի մը կանոնաւորութեամբ, կանխատեսելի կշռոյթով:
Ներսիններուն համար՝ պատկերը անշուշտ տարբեր է: Նոր միութենականին համար ձեռնարկ մը կազմակերպելու բերկրանքը կը խառնուի վաստակաւորներու սովորամոլական ընթացքէն զգացուող յոգնութեան. նիւթական միջոցներու սակաւութեան պատճառած մտահոգութիւնները կը ծանրացնեն ժողովական օրակարգը, մարդկային հասկնալի թիւրիմացութիւններ կը խանգարեն կամաւոր աշխատանքի համար այնքա՛ն անհրաժեշտ սահուն գործի ընթացքը, նոր անդամներ ներգրաւելու ցանկութիւնները կը բախին անտարբեր շրջապատի յուսալքիչ խուսափումներուն:
Բայց եւ մեքենան իսկապէս լարուած կ՛աշխատի՝ մերթ դանդաղելով, մերթ ոստոստելով, նուիրումովը հազարաւոր կամաւորներու, որոնք տարբեր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու մէջ աշխատելով հանդերձ, միասնաբար կը կերտեն այս համայնքին դիմագիծը, կը հանդիսանան հայկական այս հաւաքականութեան ուժն ու կարողութիւնը:
Այս լարուած մեքենային յարատեւութեան երաշխիքը մենք բոլո՛րս ենք՝ միասին, մեր յանձնառութեան չմարող ոգին: