ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համացանցային կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յուլիս 15ին սկսած արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Պոլիս այցելութեան ընթացքին պիտի քննուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
Քլինթըն, որ Թուրքիա կ՛այցելէ Լիպիոյ հարցին նուիրուած միջազգային խորհրaդաժողովի մը մասնակցելու նպատակով, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ու արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ պիտի քննէ նաեւ Կովկասի, Հայաստանի, Կիպրոսի, Պալքաններու եւ ուժանիւթի առնչուող հարցեր: