«Հայոց Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ ֆրանսական վաւերագրական շարժապատկերը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ բնակչութեան ոչնչացման մասին պատմող ֆրանսացի բեմադրիչ Լորանս Ժուտամի 2006ին պատրաստած ժապաւէնն է:
Ըստ Մոսկուայի «Երկրամաս» թերթին, շարժապատկերը ռուս հանդիսատեսին ներկայացնելու համար, անիկա կը թարգմանուի Նովոռոսիսկի «Նովոռոսֆիլմ» շարժապատկերներու արուեստանոցին մէջ:
Արուեստանոցի ղեկավար, բեմադրիչ Վլատիմիր Զովեւ պատմած է, թէ երբ առաջին անգամ դիտած է շարժապատկերը, առանց որեւէ բառ հասկնալու՝ ցնցուած է ցուցադրուածէն: Մինչեւ աշխատանքին անցնիլը, ան ուսումնասիրած է պատմութիւնը եւ ծանօթացած արխիւային փաստաթուղթերուն: «Ցնցող են Հայաստանի 100ամեայ բնակչուհիի մը յիշողութիւնները: Ան կրցած է ապրիլ նոյնիսկ, երբ ենիչերը կտրած է անոր կոկորդը: Եաթաղանի ձգած սպին մնացած է ամբողջ կեանքին ընթացքին», պատմած է Զովեւ:
Շարժապատկերը թարգմանելու համար հրաւիրուած է «Մեծ ութեակ»ի հանդիպումներու պաշտօնական թարգմանիչ Իրինա Վոզնեսենսկայան, զոր նոյնպէս գրաւած եւ յուզած է թեման:
«Հեշտ չէր, սակայն բոլոր մասնակիցները կը հասկնային, որ շատ պատասխանատու գործ կը կատարեն», ըսած է բեմադրիչը: