ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ՀՅԴ ԳԵՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԹԱԼԻՆ ԱՊՐԱՔԵԱՆԻ ՀԵՏ
Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կայքին վրայ, Յուլիս 13ին լոյս տեսաւ Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանի՝ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդրական Միութեան (ԳԵՄ) անդամներուն դէպի Վանաձոր յատուկ առաքելութեան առիթով ԳԵՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Ապրաքեանի հետ ունեցած հարցազրոյցը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ.- Այս տարի ՀՅԴ ԳԵՄը առաջին անգամն ըլլալով իր գործունէութեան ծիրը ընդլայնած է Գանատայի սահմաններէն դուրս եւ Օգոստոս ամսուան ընթացքին Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ կազմակերպած է ամառնային ճամբար մը, որուն պիտի մասնակցին վանաձորցի երեխաներ։ Այս ողջունելի ծրագիրը ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ։
ԹԱԼԻՆ ԱՊՐԱՔԵԱՆ.- Անցնող տարուան ընթացքին, ՀՅԴ ԳԵՄի Պատգամաւորական ժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն համաձայն ԳԵՄի կեդրոնական վարչութիւնը աշխատանք պիտի տանէր կազմակերպելու Հայաստանագնացութիւն մը՝ 2011ի ամրան համար։ Սակայն այս բանաձեւի սկզբունքներուն համաձայն, ծրագիրը իր շեշտը կը դնէր հայրենիք այցելութենէն անդին իրականացուելիք գործնական աշխատանքի մը վրայ, որ օգտակար պիտի դառնար հայրենիքին եւ յաւելեալ կերպով ամրապնդէր ԳԵՄականներուն կապը Հայաստանի եւ հայրենի ժողովուրդին հետ։
Հետաքրքրականը այն է, որ երբ այս բանաձեւը որդեգրուեցաւ, ԳԵՄի մասնաճիւղերը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցին զայն եւ նոյնիսկ իրենց տեղական աշխատանքներէն առաջնահերթ դասելով՝ լծուեցան այս աշխատանքի իրականացման։
Ուստի, Կեդր. վարչութիւնը երբ մանրամասն քննեց բանաձեւը եւ անցաւ ծրագրումի աշխատանքներուն, իբրեւ օրինակ՝ հետեւեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի կազմակերպած «Armenian Youth Corps» ծրագիրին, որ կը կազմակերպուի 1994 թուականէն սկսեալ։ Այս ծրագիրով Հայաստան կամ Արցախ մեկնող խումբերը նախ կը զբաղէին շինարարական աշխատանքներով եւ ապա, վերջին տարիներուն՝ ճամբարներու կազմակերպութեամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ։ Այս օրինակէն մեկնած եւ խորհրդակցաբար ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ, ճամբարի կայացման վայր նշանակուեցաւ Վանաձոր քաղաքը։ Մեր նպատակն է՝ երկու շաբթուան ընթացքին 90 երեխայ ընդունիլ այս ճամբարին մէջ, հակառակ անոր, որ շատ աւելի դիմումներ ունինք։ Մեզի կը մնայ լուծել տեղի եւ յարմարութեան հարցերը։
ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ.- Իսկ ինչպէ՞ս կազմեցիք ճամբարին ծրագիրը։ Ի՞նչ պիտի փոխանցէք երեխաներուն։
ԹԱԼԻՆ ԱՊՐԱՔԵԱՆ.- Ծրագիրին մէկ մասը կազմեցինք ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի առաջարկներով, իսկ մնացեալը՝ մեր նախաձեռնութիւնն էր։ Ծրագիրին մէջ ներառուած են շարադրական եւ նկարչութեան մրցումներ, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի ծանօթացում, համակարգիչի օգտագործման դասընթացքներ, Հայ Դատին, քաղաքացիութեան եւ Հայաստանի մէջ քուէարկութեան համակարգին ու ժողովրդավարական սկզբունքներուն մասին դասախօսութիւններ։ Անշուշտ, այս բոլորին կողքին երեխաներուն համար պատրաստած ենք խաղեր եւ այլազան մրցումներ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՅԴի քարոզչութեան, ապա նկատի ունենալով, որ Վանաձորը Ղարաքիլիսայի շրջանն է, իւրաքանչիւր խումբ կոչած ենք ազատամարտիկի մը անունով։ Անշուշտ խումբերը պիտի սորվին այդ ազատամարտիկներուն մասին եւ անոնց պիտի փոխանցուի նաեւ ՀՅԴ պատմութիւնը։
Այս բոլորէն բացի, զանազան հանդիպումներ պիտի ունենանք Հայաստանի լրատուամիջոցներուն հետ, որպէսզի ներկայացնենք այս ծրագիրը եւ նաեւ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան աշխատանքները։ Այսպիսով, հայրենի ժողովուրդն ալ տեղեակ պիտի ըլլայ, թէ ինչպէ՛ս Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդը, դաշնակցական երիտասարդը, կը մասնակցի հայրենիքի կերտման եւ զարգացման աշխատանքներուն։
ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ.- Քանի՞ հոգի պիտի մեկնի Հայաստան եւ արդեօք ինչպէ՞ս պիտի հոգաք այս ծրագիրին նիւթական բաժինը։
ԹԱԼԻՆ ԱՊՐԱՔԵԱՆ.- ԳԵՄի 11 անդամներ պիտի մեկնին Վանաձոր՝ այս աշխատանքը իրականացնելու համար։ Իւրաքանչիւրը արդէն նախապէս կ՛անցնի նախապատրաստական աշխատանքէ մը, կը պատրաստուին ներկայացուելիք նիւթերը, կը հայթայթուին զանոնք ներկայացնելու միջոցները եւ մեթոտները։
Իսկ ինչ կը վերաբերի այս ծրագիրի պիւտճէին՝ ԳԵՄի Պատգամաւորական ժողովը արդէն որոշ գումար մը կը յատկացնէ այս աշխատանքի իրականացման համար, սակայն նաեւ ԳԵՄը զանազան ձեռնարկներ կազմակերպած էր անցած տարուան ընթացքին. անոնցմէ գոյացած գումարն ալ պիտի տրամադրուի այս ճամբարին։
Իսկ անհատական նուիրատուութիւնները միշտ ալ ողջունելի, գնահատելի եւ օգտակար են այսպիսի ծրագիրներու համար։ Արդէն «Հորիզոն» շաբաթաթերթի ծանուցումներէն կ՛իմանաք, որ ԳԵՄը նաեւ կը դիմէ գանատահայ գաղութին՝ հաւաքելու համար գրենական եւ դպրոցական պիտոյքներ, որոնք պիտի օգտագործուին ճամբարի ընթացքին։
ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ.- Իսկ ճամբարէն դուրս ի՞նչ այցելութիւններ եւ աշխատանքներ նախատեսած էք։
ԹԱԼԻՆ ԱՊՐԱՔԵԱՆ.- Ինչպէս տեղեակ էք, Յունուար 2011ին կազմակերպած էինք ձեռնարկ մը՝ Աշոտ Ղուլեանի նուիրուած, որմէ գոյացած գումարը յատկացուցինք Արցախի մէջ Աշոտ Ղուլեանի նուիրուած թանգարանի շինութեան աշխատանքներուն։ Ուստի, Աշոտ Ղուլեանի այրիին՝ Նելլի Ղուլեանի, փափաքին համաձայն, Արցախ պիտի մեկնինք եւ այցելենք իրեն ու ծանօթանանք թանգարանի շինութեան աշխատանքներուն։ Արցախ մեկնումը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ նաեւ այցելենք Ստեփանակերտի «AYF Camp»ը եւ ծանօթանանք Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Երիտասարդական միութեան ճամբարի աշխատանքներուն։
Երեւանին ծանօթանալէ բացի, կազմակերպած ենք նաեւ դէպի æաւախք, Կիւմրի եւ Սեւան այցելութիւններ, որպէսզի ճամբարին մասնակցող երիտասարդները առիթը ունենան նաեւ հայրենիքին ծանօթանալու։
Այս զրոյցի աւարտին կ՛ուզեմ նաեւ փոխանցել մեր ընթերցողներուն, որ Գանատա մեր վերադարձէն ետք, այս ծրագիրի ընթացքը, առօրեան եւ աշխատանքներու արդիւնքը պիտի ներկայացնենք Գանատայի զանազան շրջաններուն մէջ։ Յոյսով ենք նաեւ, որ այս ծրագիրը կը շարունակուի եւ կը դառնայ ԳԵՄի ամէնամեայ կամ երկամեայ ծրագիրներէն մին։