ՔՀԳ միութեան ամսական հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Օգոստոս 2011ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ, 222 Հարվըրտ փողոց, Կլենտէյլ։
Այս ամսուան ձեռնարկը նուիրուած է արձակագիր Պօղոս Գուբելեանի «Ֆրիուէյ» գործի երկրորդ հատորին, որ պատշաճօրէն պիտի ներկայացուի երեկոյի ընթացքին։
Երեկոյեան ժամը 5-6 տեղի պիտի ունենայ ընկերային ժամ եւ հիւրասիրութիւն, ուր պիտի հանդիպիք ձեր նախասիրած գրողներուն ու ծանօթանաք նորերու հետ: Իսկ 6-8՝ գրական հանդիպում:
Հրաւիրուած է գաղութահայ գրող մտաւորականութիւնը, հայ մամուլն ու գրասէր հասարակութիւնը։
Մուտքը՝ ազատ։