ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Արմէնիա-Միջազգային օդանաւակայաններ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մամլոյ քարտուղար Գէորգ Աբրահամեանի տեղեկութիւններով, Զուիցերական «Dufry» ընկերութիւնը գնած է Duty free խանութները՝ «Զուարթնոց»ի եւ «Corporacion America»ի 20 օդակայաններու մէջ, որոնք կը պատկանին արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանին: Գործարքին ընդհանուր գումարը, ըստ Ուրուկուէյի «El Pais» թերթին, կը կազմէ 957 միլիոն տոլար:
Ինչպէս կը նշուի, վաճառուած պիզնես-միաւորները վերջին տարուան ընթացքին ցուցաբերած են լաւ ընթացք եւ արձանագրած են երկնիշ եկամուտ: Զուիցերական ընկերութիւնը, իր հերթին հաղորդած է, որ 2011ին, 12ամսեայ համախառն եկամուտը կազմած է 395 միլիոն տոլար:
«Dufry»ի գործադիր տնօրէն Խուլիան Տիաս յայտնած է, որ իրենց գնած ձեռնարկութիւնները սոյն ոլորտին մէջ լաւագոյններէն են: Ընկերութիւնը 1160 խանութներ ունի օդակայաններու, նաւահանգիստներու եւ զբօսաշրջային կեդրոններու մէջ: