ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանի հրամանով, փոփոխութիւններ կատարուած են Հայաստանի բանտերուն մէջ եւ փոխուած են բանտերու հինգ պետեր:
Արդարադատութեան նախարարութեան աղբիւրը յայտնեց, որ աշխատանքէ հեռացուած է «Աբովեան» բանտի պետ Մարատ Գրիգորեան՝ ծառայութեան մէջ թերացումին համար: Վերջինիս փոխարէն նշանակուած է «Հրազդան» բանտի պետ Արամ Սարգսեանը։ Իսկ «Հրազդան» բանտի պետ նշանակուած է «Նուպարաշէն» բանտի պետ Տիգրան Նաւասարդեանը: Նշենք, որ այս նշանակումը պաշտօնի նուազում կը համարուի:
«Նուպարաշէն» բանտի պետ նշանակուած է քրէակատարողական վարչութեան այլընտրանքային պատիժներու կատարման բաժինի պետ Գենադի Սարգսեան: Իսկ Վերջինիս տեղը նշանակուած է «Էրեբունի» բանտի պետ Յովհաննէս Պետրոսեանը:
«Էրեբունի» բանտի պետի պաշտօնին, Յ. Պետրոսեանին պիտի փոխարինէ «Կոշ» բանտի պետ Լէովա Բաղդասարեան: Այսպիսով, նոր պետ պիտի նշանակուի նաեւ «Կոշ» բանտին համար, սակայն անոր անունը առայժմս յայտնի չէ: