«Հայրենիք».- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբը առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի, տեղի ունեցաւ «Տաթեւ» հիմնարկի ամառնային 25րդ հաւաքը: 56 աշակերտներ (մեծամասնութեամբ՝ 13-18 տարեկան) եւ 15 դասատու-դասախօսներ՝ ժամանած զանազան շրջաններէ, հաւաքուեցան Ս. Մերի (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա) կեդրոնը, այս հիմնարկի ամառնային յայտագիրին առթիւ, որ սկսաւ Կիրակի, Յուլիս 3ին եւ աւարտեցաւ Շաբաթ մը ետք՝ Կիրակի, Յուլիս 10ին:
Ծրագիրը խտացուած էր եւ կ՛ընդգրկէր նիւթեր, որոնք կը վերաբերէին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, Աստուածաշունչի սերտողութեան եւ քննութեան, աղօթքի ու պաշտամունքի կարեւորութեան, եւ այլն:
Ամէն օր ծրագիրը սկսաւ Առաւօտեան աղօթքով: Առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:30, դասընթացքներ տեղի ունեցան: Ամէն յետմիջօրէի կատարուեցան մրցումներ, խաղեր եւ այցելութիւններ: Երեկոյեան կատարուեցան կլոր սեղաններ եւ հարցազրոյցներ, որոնց հետեւեցան Աստուածաշունչի սերտողութիւն: Իւրաքանչիւր հաւաք աւարտեցաւ հսկումով:
Հիմնարկը չորս տարուայ վրայ երկարող յայտագիր մըն է (մէկ շաբաթ ամէն ամառ): Այն աշակերտները, որոնք կը կատարեն չորս տարին, կարելիութիւնը ունին մասնակցելու յաւելեալ մասնագիտական դասընթացքներու: Հինգ մակարդակներու դասընթացքները տեղի կ՛ունենան միեւնոյն ժամանակ: Շաբաթ մը տեւող յայտագիրին ընթացքին, իւրաքանչիւր մակարդակի վերապահուած է քսան պահ: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան երեկոներու հարցազրոյցներն ու Աստուածաշունչի սերտողութիւնները՝ տասնմէկ ուսուցիչներու ու երեք հիւր ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ:
Մասնագիտական դասընթացքներու ծրագիրը կը փոխուի ամէն տարի. կղերականներու կողքին, հիւր դասախօսներ կը հրաւիրուին՝ վարելու համար մասնագիտական դասերը: