Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կազմակերպուած ճամբարները ղեկավարող Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի 25 կամաւորները, իրենց շաբաթավերջերը անցուցին՝ ճանչնալով Հայաստանի պատմական վայրերն ու յուշակոթողները: Անոնք այցելեցին Սարդարապատ, Ծիծեռնակաբերդ, ՀՅԴ թանգարան, Խոր Վիրապ, Տաթեւ, Նորավանք, Գեղարդ, Գառնի եւ այլ յայտնի պատմական վայրեր: Անոնք իրենց ազատ ժամերուն միացան տեղացի երիտասարդներու՝ մասնակցելով դաշտագնացութիւններու եւ պտոյտներու:
Գիւմրիի մէջ, կամաւորներէն Ատրիըն Աւանէսեան, ուրախութեամբ ըսաւ. «Դաշտագնացութիւնը վերածուեցաւ սքանչելի փորձառութեան մը, երբ կողք կողքի նստելով՝ մեծ շրջանակ կազմեցինք եւ մեր ուտելիքները լաւաշի մէջ դրած՝ առանց ամաններու, կերանք, միեւնոյն ատեն զրուցեցինք շիրակցիներուն հետ»:
Բոլոր մասնակիցները առիթը ունեցան նաեւ շաբաթավերջի մը այցելելու պատմական æաւախքը եւ հանդիպելու տեղւոյն ժողովուրդին հետ: «Իմ առաջին փորձառութիւնս անկրկնելի պիտի մնայ: Շատ ուրախ եմ, որ մեր նախահայրերուն հողերը այցելելու առիթը ունեցայ: Հիմա, երբ æաւախքի մասին խօսիմ, իմ փորձառութեանս վրայ հիմնուելով է որ կրնամ ընել այդ մէկը», իր կարգին կը յայտնէ ՀԵԴի կամաւոր Փաթիլ Ասլանեան:
Այս ձեւով, ՀԵԴի Երիտասարդական ճամբարը նպատակ ունի իր մասնակիցներուն առիթ տալ Հայաստանի հետ կապուած բոլոր երեւոյթներուն ընտելանալու: