ԵՐԵՒԱՆ.- Գիւղատնտեսութեան եւ ձկնաբուծութեան համախառն արտադրութիւնը, Հայաստանի մէջ, 2011ի Յունիսին, կազմած է 66 միլիառ 824 միլիոն դրամ (շուրջ 181 միլիոն 705.5 հազար տոլար), անցած տարուան Յունիսին նկատմամբ աճելով 10.2 տոկոսով, իսկ այս տարուան Մայիսին նկատմամբ՝ 40.3 տոկոսով:
ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, բուսաբուծութեան համախառն արտադրութիւնը, այս տարուան Յունիսին, կազմած է 31 միլիառ 155.9 դրամ՝ 2010ի նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աճելով 10.1 տոկոսով, իսկ անասնաբուծութեան համախառն արտադրութիւնը կազմած է 35 միլիառ 177 միլիոն դրամ, որուն աճը կազմած է 27 տոկոս:
Ձկնորսութեան եւ ձկնաբուծութեան արտադրութիւնը կազմած է 491.1 թոն (աճը՝ 15.2 տոկոս):