ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն Հինգշաբթի, Օգոստոս 11ին խորհրդարանին մէջ կայացած եւ խռովարարութեանց հարցին նուիրուած արտակարգ նիստին ընթացքին դժգոհեցաւ ոստիկանութեան գործելաոճէն։ «Չափազանց քիչ թիւով ոստիկաններ կը վերահսկէին փողոցները», ըսաւ ան։ Ան դատապարտեց Լոնտոնի եւ մնացեալ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցածը: Քեմրըն թէեւ բացառեց բանակը օգնութեան կանչելը, սակայն աւելցուց, որ «իմ պարտաւորութիւնս է պահովել, որ բոլոր ծրագիրները քննարկուին, ներառեալ՝ պարտականութիւններ, որոնք կրնան բանակին վստահուիլ, որպէսզի ճակատին վրայ յաւելեալ ոստիկաններ տեղակայուին»։
Ըստ վարչապետին, անկարգութիւններ կատարողները մեծամասնութեամբ պատանիներ են։ Ան տեղեկացուցած է, թէ ձերբակալուածներուն թիւը պիտի աւելնայ, որովհետեւ ջանքեր չեն խնայուիր բոլոր մեղաւորները գտնելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու համար։
Նշենք, որ ըստ ոստիկանութեան, ձերբակալուածներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1500ը։