ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Օգոստոս 11ին իր վերջնական հաւանութիւնը տուաւ բռնագրաւուած արեւելեան Երուսաղէմի մէջ 1600 բնակարաններ կառուցելու ծրագիրին։ Իսրայէլեան ներքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ կը նախատեսուի, որ նախարարութիւնը նաեւ վաւերացնէ 2700 յաւելեալ բնակարաններու կառուցման մէկ այլ ծրագիր մը։
Նշենք, որ քանի մը շաբաթ ետք, Պաղեստինեան իշխանութիւնը 1967ի սահմաններով եւ արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութեան միջազգային ճանաչումի պահանջքով՝ ՄԱԿին պիտի դիմէ։ Իսրայէլ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ այդ ծրագիրին։ Երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները ներկայիս կանգ առած են եւ զանոնք վերսկսելու որեւէ ծանօթ նախաձեռնութիւն գոյութիւն չունի։
Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայեպ Օրէյքաթ «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «բուռն կերպով կը դատապարտենք իսրայէլեան նոր որոշումը։ Միացեալ Նահանգներու կոչ կ՛ուղղեմ վերատեսութեան ենթարկելու պաղեստիեան պետութեան ճանաչման համար ՄԱԿին դիմելու պաղեստինեան քայլին իրենց ընդդիմութիւնը: Նախագահ Պարաք Օպամայի կոչ կ՛ուղղենք զօրավիգ կանգնելու այս մօտեցումին, որովհետեւ անիկա երկու պետութեան լուծումը պահպանելու համար միակ ձեւն է»։