ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլհան Փոլուխով, պատասխանելով իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ Հասան Ֆիրուզապատի կողմէ Ատրպէյճանի հասցէին կատարուած քննադատութիւններուն՝ Հինգշաբթի, Օգոստոս 11ին յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը հիմնուած է միւս գերիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքին վրայ։ Ատոր զուգահեռ, մենք ոեւէ մէկուն թոյլ չենք տար Ատրպէյճանի հանրապետութեան ներքին գործերուն միջամտել»։
«Իրանի զինուորական ղեկավարութեան կողմէ կատարուող նման քաղաքական յայտարարութիւնները առնուազն զարմանք կը յառաջացնեն։ Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ զինուորականները զբաղին իրենց, իսկ քաղաքական գործիչներն ալ՝ իրենց գործերով», աւելցուցած է Փոլուխով։
Նշենք, որ Չորեքշաբթի օր իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը տարածած էր Ֆիրուզապատի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան քննադատած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ իսլամութեան սկզբունքներուն դէմ եղող քայլեր կատարելու համար։ Ան նաեւ Իլհամ Ալիեւի համար մռայլ ճակատագիր մը նախատեսած էր։