ՇԱՀԷ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
«Յիշէ, որ փոթորիկը լաւ առիթ է, որ Բարտի եւ Մայրի ծառերը յայտնաբերեն իրենց զօրութիւնն ու տոկունութիւնը»:
Հօ Չի Մին
Ահաւասիկ տարի մը անցած է, բայց տակաւին բոլորիս միտքերուն մէջ մեր սիրելի խմբապետ Սուրէն Սարուխանոֆի յիշատակը թարմ եւ ցայտուն է:

Սուրէնին շատ մօտիկ ընկերներէն մին ըլլալով եւ իբրեւ փոխխմբապետ՝ համեստաբար ինծի քաղցր պարտականութիւնը տրուեցաւ իր տարելիցին առթիւ քանի մը խօսք արտայայտելու: Ես ալ, իմ կարգիս, խնդրեցի իմ ընկերներէս եւ Սուրէնի բարեկամներէն, որ քանի մը դրուագներ կամ փորձառութիւններ փոխանցեն ինծի:
Հետեւեալ գրութիւնը ամփոփումն է բոլորին միտքերուն եւ կարծիքներուն.
Ապրիլ 13, 1975ը եղաւ պատմական օր մը, երբ ծայր առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
Լիբանանահայութիւնը, իր բոլոր կուսակցութիւններով եւ յարանուանութիւններով, խելացի եւ հեռատես որոշումը առաւ չէզոք մնալու այդ պատերազմին ընթացքին, բայց եւ այնպէս կրեց մեծ վնասներ:
Այդ վնասները նուազագոյնի պահելու ի խնդիր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ստանձնեց ծանր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը՝ հայութեան պատկանող հաստատութիւններուն պաշտպանման. այսպէս՝ անիկա զինեալներ ուղարկեց բոլոր ազգային դպրոցները, եկեղեցիները եւ արժէքաւոր կալուածները, այն հրահանգով, որ միայն պաշտպանողական դերի մէջ պիտի մնան:
Խումբ մը նոր կազմուած հայ մարտական երիտասարդ ընկերներ՝ Այնճարէն եւ Պէյրութէն, իրենց վերադարձի պահուն այս լուրը առնելով՝ անմիջապէս շտապեցին դէպի Պէյրութի Ժողովրդային տուն՝ սպասելով հրահանգի:
Եւ այսպէս, խումբ մը հայ զինուորներ ուղարկուեցան Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ, Լիբանանի առաջնորդարանին եւ Սուրէն Խանամիրեան Ազգ. վարժարանին կալուածներու պաշտպանութեան՝ գլխաւորութեամբ ընկ. խմբապետ Սուրէն Սարուխանոֆի:
Մէկուկէս տարի բազմաթիւ մարտական տղաներ եկան ու անցան «Առաջնորդարանէն», բայց քանի մը ընկերներ, Սուրէնի խմբապետութեամբ, մնացին իբրեւ կորիզ:
Բոլոր տղաքը սերտացան առաջնորդարանի պաշտօնեայ Հայկ Թրթռեանին եւ իր ընտանիքին հետ, որոնք հոն կ՛ապրէին: Անթիւ կրակոցներու եւ պայթումներուն մէջէն անցան անոնք, տասնեակ անքուն գիշերներ անցուցին՝ իրարու հետ սուրճ խմելով եւ «սիկարէ»չ ծխելով:
«Սուրէնը քաջ էր եւ անվախ: Իր համեստ բնաւորութեան պատճառաւ սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ», կ՛ըսէ Զարուկ Թրթռեանը:
Կը յիշեմ գիշեր մը պահակութեան ժամանակ, յանկարծ առաւօտեան ժամը 3ին, «Մըրր» բարձր շէնքին վրայ իսլամական ծայրայեղականներու կողմէ զետեղուած ռուսական «Տոչքա 500» գնդացիրը սկսաւ անխնայ կրակելու դէպի Ս. Նշան եկեղեցւոյ գմբէթը:
Գմբէթէն տասնեակ քարի կտորներ վար կ՛իյնային մեր գլուխին, երբ Սուրէնը բարձր կանչեց. «Տղա՛ք, տեղերնէդ մի՛ շարժիք, ամուր կեցէք»: Իր հանդարտ, պարզ, բայց հաստատ հրահանգը մեղմացուց բոլորիս վախը:
75-76ի ձմրան ընթացքին, առաջնորդարանի պաշտպան զինուորներուն հասան նոր եւ հաստ ռուսական վերարկուներ: Տղաքը շատ ուրախացան, քանի որ գիշերները պաղ կ՛ըլլար: Այդ ժամանակ բոլորս ալ մօրուք ունէինք: Գիշեր մը, յանկարծ լուր եկաւ մեզի, թէ առաջնորդարանը կողոպուտի յարձակման պիտի ենթարկուի: Սուրէնը հրահանգ տուաւ եւ բոլոր տղաները մինչեւ իրենց ակռաները զինուած ձեռնառումբերով, «քոքթէյլ մոլոթոֆ»ներով, ատրճանակներով եւ գնդացիրներով, առաջնորդարանի կարեւոր պատուհաններուն, միջանցքներուն եւ աստիճաններուն ետին թաքնուած՝ մեր դիրքերը գրաւեցինք: Սուրէնը ըսաւ. «Պատրաստ եղէ՛ք, բայց սպասեցէք իմ նշանիս»:
Երբ իսլամ ծայրայեղական զինեալներու ջոկատը հասաւ առաջնորդարանի շեմին, Սուրէնը, հագած այդ ծանր վերարկուն, իր ճաղատ գլուխով եւ մօրուքոտ դէմքով, հանգամանօրէն եւ կարծես «դերասանական» ոճով, աստիճաններէն կամաց-կամաց վար իջաւ, եւ իր հմուտ արաբերէնով դիմաւորեց այդ զինեալները:
Յանկարծ իսլամ զինուոր մը գոռաց. «Հայտալ մթրան» (ան առաջնորդն է): Ու այսպէս, Սուրէնը համոզեց զինուորները, թէ ինք Տաճատ առաջնորդ սրբազանն է, եւ թէ որեւէ գանձ չկայ, ո՛չ առաջնորդարանին մէջ, ոչ ալ եկեղեցւոյ մէջ, հետեւաբար ապարդիւն պիտի ըլլար իրենց յարձակումը:
Այսպէս, ինչպէս շունը պոչը ոտքերուն մէջ առած կը հեռանայ, նոյնպէս այդ զինեալները հեռացան, առանց որեւէ փամփուշտ արձակելու: Բոլոր տղաքը երկար շունչ մը քաշեցին այդ իրիկուն:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն աւելի քան 36 տարիներ անցած են, եւ այդ խումբ մը հայ մարտիկները տակաւին իրենց ընկերութիւնը կը շարունակեն եւ միշտ կը յիշեն Սուրէնի խմբապետութեան ներքեւ իրենց փորձառութիւններն ու յիշատակները: Այսպէս, այս տղոց խումբը դարձաւ խումբ մը եղբայրներ՝ «band of brothers», ինչպէս կ՛ըսէ Մանօ Համալեան եւ կը շարունակէ. «Քաջալերող, պատիւ ներմուծող եւ օրուան քաղաքականութիւնը հասկցող խմբապետ Սուրէնը անվթար պահեց մեզ»:
«Երբե՛ք չվարանեցաւ դժուարին կացութիւնները դիմագրաւելու եւ ճկունութեամբ եւ հմտութեամբ սիրաշահելու մեր բոլորին վստահութիւնը», կ՛ըսէ Լորենց Եագուպեանը:
«Սուրէնը միայն կարող եւ տիրապետող խմբապետ չէր. տղաքը կը հետեւէին անոր տուած հրահանգներուն եւ ուղղութիւններուն, մեւնոյն ժամանակ Սուրէնը գուրգուրանքով ու հասկացողութեամբ կը վարուէր բոլորին հետ», կը յայտնէ Արա Խանճեանը:
«Խոստումները միշտ կը յարգէր եւ հիւրասէր էր ան», կը նկարագրէ Նշան Տէր Գալուստեանը:
Պատերազմի աւարտին, տարիներ ետք, Սուրէնը հաստատուեցաւ Լոնտոն, ամուսնացաւ իր շատ սիրելի Ովսիկին հետ, կազմեց ընտանիք, բախտաւորուեցաւ իր շատ սիրելի Հուրիով եւ տեսաւ անոր ամուսնութիւնը:
Ան երբեք չմոռցաւ իր «տղաները»: Սուրէնին խօսքը եւ խոստումը ոսկիէ աւելի ապահով էին: Երբ մեզմէ ոեւէ մէկը ճամբորդէր Լոնտոնի վրայով, անպայման կը պնդէր որ ինք պիտի գայ օդակայան, դիմաւորէ մեզ եւ Լոնտոն պտտցնէ:
Իր «տղաներ»ուն միջեւ եղած կապուածութիւնն ու եղբայրութիւնը տակաւին մինչեւ այսօր կը մնայ անքակտելի, ինչպէս որ ինք մնաց զօրաւոր եւ տոկուն՝ փոթորիկներու դիմաց:
«Մենք անկեղծ զինուոր ենք…»:
Խունկ իր շիրիմին:
Յարգանք իր յիշատակին: