ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Կարէն Անդրէասեան, ՀՀ արդարադատութեան խորհուրդին ներկայացուցած է կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու երեք հաղորդում, քանի որ Պաշտպանին գնահատումով, դատաւորներ Երեմ Եսոյեան, Մասիս Ռեհանեան եւ Եուրիկ Իսգոյեան, վերջին մէկ տարուան ընթացքին օրէնքի չափանիշներու ակնյայտ եւ կոպիտ խախտումներ գործած են:
Դատաւոր Երեմ Եսոյեան ընդամէնը 9.6 քառակուսի մեթր բնակելի տարածքի մը շուրջ մօր եւ որդիին միջեւ դատական վէճը քննած է 19 ամիս, այսինքն՝ չէ յարգած գործը ողջամիտ ժամկէտի մէջ քննելու օրէնքին պահանջքը: Բացի ատկէ, անտեսած է բնակելի տարածութեան օգտագործման իրաւունքը դադրեցնելու վերաբերեալ օրէնքով սահմանուած պահանջքը, ըստ որուն՝ կոպտօրէն խախտած է քաղաքացիին իրաւունքը:
Դատաւոր Մասիս Ռեհանեան անտեսած է առաջին ատեանին մէջ հետազօտուած ապացոյցները վերաքննիչ դատարանին մէջ անգամ մը եւս հետազօտելու օրինական միջնորդութիւնը: Իսկ դատաւոր Եուրիկ Իսգոյեան քաղաքացիի մը կալանաւորման հարցը լուծելու ընթացքին, քննարկման առարկայ դարձուցած է անոր մեղաւորութեան հարցը, ինչ որ անձի մը անմեղութեան կանխավարկածի ակնյայտ խախտում է: Աւելին, դատաւորը ամբաստանեալին համար չէ ապահոված օրէնքով նախատեսուած թարգմանիչի պարտադիր ներկայութիւնը: