ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 18ի առաւօտեան, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան հիւրընկալեց Արեւմտեան Հայաստանի Սասուն գաւառի պատուիրակութիւնը: Հանդիպումը կայացաւ հարիսայի սեղանի շուրջ: Սասունցիները հիւրասիրուեցան թութի, հոնի ու ծիրանի հայկական օղիով եւ սասնայ աւանդական գարու հացով:
Իշխան Զաքարեան, ողջունելով հիւրերը՝ յոյս յայտնեց, որ Հայաստան այցելութիւնը եւ Համահայկական խաղերուն մասնակցութիւնը պիտի ունենան շարունակական բնոյթ:
Յիշեցնենք, որ Սասունը առաջին անգամն է որ կը մասնակցի Համահայկական խաղերուն, եւ ներկայացած է պատկառելի կազմով՝ 300 հոգի, որոնցմէ 57ն՝ մարզիկ:
Կոմիտէի նախագահը նշեց, որ Համահայկական 5րդ խաղերու ձեռքբերումներէն մէկը Սասունի մասնակցութիւնն է: Սասունցիները, իրենց հերթին աւելցուցին, որ խաղերուն մասնակցիլը արդէն իսկ յաղթանակ մըն է իրենց համար:
Ի. Զաքարեան Համահայկական խաղերը խորհրդանշող ժամացոյցներ նուիրեց Սասունի պատուիրակներուն: Հիւրերն ալ, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ Սասունը խարհրդանշող յուշանուէր յանձնեցին Իշխան Զաքարեանին: