
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- «Երկիր» միութեան «Վան» նախագիծի ծիրէն ներս ձեւաւորուած գիտահետազօտական արշաւախումբը 18 Յուլիս-4 Օգոստոս այցելած եւ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Համշենի, Տէրսիմի, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ:
Արշաւախումբի անդամ երաժիշտները գիտարշաւի ծիրէն ներս մասնակցած են Արկուվանի երաժշտական փառատօնին (24 Յուլիս), ինչպէս նաեւ Մնձուրի բնութեան եւ մշակոյթի փառատօնին՝ ելոյթ ունենալով Տէրսիմի Օվաճըգ (29 Յուլիս) եւ Խոզաթ (30 Յուլիս) քաղաքներուն մէջ կայացած համերգներուն:
Զուգահեռաբար, արշաւախումբի կազմին ընդգրկուած առանձին հետազօտական խումբը դաշտային ազգագրական հետազօտութիւններ կատարած է տէրսիմցիներու շրջանին մէջ՝ հաւաքելով ազգագրական բնոյթի հարուստ նիւթեր:
Արշաւախումբին կողմէ կատարուած դաշտային հետազօտութիւններուն ընթացքին ուսումնասիրուած են տեղական բնակչութեան աւանդական նուագարանները, տեսագրուած են աւանդական երգերն ու պարերը, տեսագրուած եւ կամ գրի առնուած են վիպական բանարուեստի տեսակներու (առասպել, հեքիաթ, աւանդազրոյց, գուշակութիւն, անէծք եւ օրհնանք, աղօթք եւ այլն) շարք մը նմուշներ, ցեղական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան այլ դրսեւորումներ:
Գիտարշաւը իրականացած է Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ շրջանի իշխանութիւններու եւ «Ֆինեքօ» կազմակերպութեան նիւթական աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ թրքական «Անատոլու կուլտուր» հիմնադրամի կազմակերպչական օժանդակութեամբ: