«Ուիքիլիքս»ը Հայաստանի պարագային զգայացունց նորութիւն մը չկրցաւ բացայայտել: Փոքր երկիրի մը արտաքին քաղաքականութիւնը մարտավարական խաղեր ընելու լայն հնարաւորութիւններ չի կրնար ունենալ, հաւանաբար: Նաեւ, Արցախի հարցի կապակցութեամբ, որքա՛ն ալ ուժ տանք մեր երեւակայութեան, դաւաճան քաղաքականութեան մը հետքեր փնտռելը անիմաստ զբաղմունք պիտի ըլլայ:
Այսուհանդերձ, այս հրապարակումները մեծ տէրութեան, այս պարագային՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներուն որակը, տպաւորութիւններու ու վերլուծումներու մակարդակը գնահատելու ու արժեւորելու կարելիութիւնը կը ստեղծեն:
Ինչ խօսք՝ «Ուիքիլիքս»ի միջազգային հրապարակումներու ամբողջ թղթածրարը նկատի առնելով, անոնք արձանագրեցին իրենց ընդհանրութեան մէջ մէկ կարեւոր իրագործում մը, որ ըստ էութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին դիւանագիտական աշխատանքներու մակերեսայնութեան ու թափթփածութեան վկայութիւնը կը հանդիսանայ՝ աշխարհին առջեւ, քանդելով մեծապետական առասպելներու շարք մը:
Արցախի հարցին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու, թէ ներքին քաղաքական մթնոլորտի մասին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն ունեցած թիւր պատկերացումներն են, զորս կ՛ուրուագծուին այս բացայայտումներէն, եւ ստեղծուած պատկերը իսկապէս մտահոգիչ է, մանաւանդ, երբ նկատի առնենք ԱՄՆի յաւակնութիւնները՝ շրջանին մէջ (ինչու չէ նաեւ՝ ամբողջ աշխարհի տարողութեամբ) իր դերակատարութեան վերաբերեալ:
Աւելի կը մտահոգուինք, երբ յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրին շուրջ, դէմ առ դէմ կու գանք «Ուիքիլիքս»եան այն բացայատումներուն, որոնք կը յստակացնեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ դերակատար անձերուն ակնկալութիւնները՝ ամերիկեան նախաձեռնութիւններէն:
Մենք հայ-թրքական յարաբերութիւններու կապակցութեամբ ամերիկեան դրական դերակատարութիւն չենք տեսած ու չենք ալ ակնկալեր տեսնել: Ցեղասպանութիւն ուրացող պետութեան մը կեղծիքի քաղաքականութիւնը արդարացնելու, անոր քմայքներուն ենթարկուելու ամերիկեան կողմին ցարդ ցուցաբերած վարքագիծը, մեզի հաւատալ կու տայ, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները նոյնութեամբ, կամ մէկ այլ կերպարանքով, դարձեալ կրնան մեր ժողովուրդի ու պետութեան գլխուն փաթթուիլ:
Կ՛արժէ այստեղ պարզապէս կրկնել մեր յանձնառութիւնը, որ մենք, մեր բոլոր ուժերով, մի՛շտ պիտի փորձենք ձախողեցնել Հայ-թրքական արձանագրութիւններու գործընթացը, այնքան ատեն, որ ան կը ղեկավարուի հայ ժողովուրդի ու հայկական պետութեան շահերը ոտնակոխ ընելու տրամաբանութեամբ: