ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ՝ վերջինիս Եարզէի գրասենեակին մէջ:
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ այս իմաստով՝ ներքին ճակատը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Բագրատունի վեր առաւ երկրի զգայուն այս կացութեան մէջ բանակին կարեւոր դերակատարութիւնը՝ յատկապէս ազգային միասնականութեան, անդորրութեան եւ ապահովութեան պահպանման տեսակէտէն:
Քննարկուեցան նաեւ բանակի յաւելեալ ուժեղացման եւ առաւելագոյն չափով թէ՛ սպայակոյտի եւ թէ այլ մարզերու պարագային՝ լայն կարելիութիւններու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը: