
Երեւանի մէջ կայացած Համահայկական 5րդ խաղերուն մասնակցած Լոս Անճելըսի խումբը, ապահոված է պասքեթպոլի ախոյեանի տիտղոսը, Կիրակի, Օգոստոս 21ին կայացած աւարտական մրցումին ընթացքին, պարտութեան մատնելով Ռուսիոյ Սոչի քաղաքի կազմը՝ 93-86 արդիւնքով:
Աւարտական մրցումին հերոսն էր Լոս Անճելըսի պասքեթպոլի խումբի խմբապետ Մայք Դանիէլեան, որ 49 կէտ նշանակեց, ինչ որ հաւասար էր 2003ին հաստատուած մրցանիշին:
Պասքեթպոլի մրցաշարքին մասնակցած են 24 խումբեր՝ աշխարհի տարածքէն:
Համահայկական 5րդ խաղերու պասքեթպոլի ոսկի մետալին արժանացած Լոս Անճելըսի խումբին մարզիչն է Քարլ Պարտաքեան: