ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Տարիներէ ի վեր արեւելեան Միացեալ Նահանգները հարուածած ամէնէն ուժգին փոթորիկը՝ «Այրին», անցնող շաբաթավերջին Նիւ Եորքի վրայ տեղատարափ անձրեւներ թափելով՝ ողողումներ յառաջացուց, փակելով քաղաքին փոխադրամիջոցներու համակարգը, որ Երկուշաբթի օր միայն վերադարձաւ իր բնականոնին:
Հսկայ փոթորիկը նաեւ մօտաւորապէս 5 միլիոն քաղաքացիներ ելեկտրականութենէ զրկեց եւ 8 նահանգներու մէջ առնուազն 22 զոհ պատճառեց:
Տասնեակ միլիառ տոլարի վնասներ պատճառած փոթորիկին հետեւանքով, աւելի քան 13,000 թռիչքներ ջնջուեցան վերջին քանի մը օրերուն:
Մինչ այդ, նախագահական թեկնածու Միշել Պաքմըն, որ ծանօթ է իր արտառոց արտայայտութիւններով եւ իրականութիւնները շփոթելու «ձիրք»ով, փոթորիկը եւ արեւելեան նահանգները հարուածած անցեալ շաբթուան երկրաշարժը նկատեց Աստուծոյ կողմէ ազդարարութիւններ՝ Ուաշինկթընին: