ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ օդուժին կողմէ հիւսիսային Իրաքի մէջ շարունակուող ռմբակոծումները դիւանագիտական վէճ մը ստեղծած են Թուրքիոյ ու Իրաքի միջեւ: Հակամարտութեան պատճառը այն պնդումն է, թէ թրքական ռմբակոծումներու ընթացքին իրաքցի 7 քաղաքայիններ եւս սպաննուած են, սակայն Թուրքիա ոչ միայն կը մերժէ այս պնդումը, այլ նաեւ կը պահանջէ, որ Իրաքի իշխանութիւնները հերքեն եօթը քաղաքայիններու սպաննուած ըլլալու լուրը։ Թուրքիա կը պնդէ, որ այս լուրը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ հնարուած սուտ մըն է։
Երբ Պաղտատ մերժած է հերքում մը հրատարակելու մասին Անգարայի պահանջքը, Թուրքիա արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրած է Անգարայի մօտ Իրաքի դեսպանը՝ անոր կրկնելով, որ «սխալ լուրը» պէտք է հերքուի։
Նաեւ, յայտնի դարձած է, թէ նախքան զինուորական գործողութիւնները, Թուրքիա տեղեկութիւն չէ տուած Պաղտատի իշխանութիւններուն կամ հիւսիսային Իրաքի քրտական կառավարութեան։
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական օդուժի գործողութիւնները պիտի շարունակուին «մինչեւ վերջ»։ Ան շեշտած է. «Ահաբեկչութեան հետ պայքարին մէջ նոր փուլ մտած ենք։ Ռազմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին»։
Միւս կողմէ, Տիարպեքիրէն անկախ քիւրտ երեսփոխան Լէյլա Զանա, ռմբակոծումներուն կապակցութեամբ նամակներ ղրկած է աշխարհի զանազան ղեկավարներու, գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, խօսելով «Քիւրտիստան»ի մասին:
Նամակին մէջ ան գրած է. «Այս տարածքը, որ 200 տարիէ ի վեր կռիւներու մէջ է, խաղաղութեան կը սպասէ. Քիւրտիստանի տարածքը երկրորդ Պաղեստին մը պէտք չէ ըլլայ։ Զանա կը պաշտպանէ այն կարծիքը, թէ Թուրքիա, Իրան, Սուրիա, նաեւ Իրաք, որ իբրեւ, թէ մասամբ լուծած է քրտական հարցը, իրականութեան մէջ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց հասարակաց այն քաղաքականութեան, որուն նպատակն է՝ ամէն ինչ ընել, որ քիւրտերը քաղաքական օրինական կարգավիճակի մը չտիրանան։
«Քիւրտ ժողովուրդը կը զարմանայ տեսնելով, որ ամբողջ աշխարհը լուռ կը մնայ բոլոր այն սահմանափակումներուն, բռնաբարումներուն ու զինուորական գործողութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը սաստկանան ամէն անգամ, երբ քիւրտերու քաղաքական կարգավիճակը օրակարգի կը բերուի։ Քիւրտերը ոչնչացնելու, քրտական մշակոյթը սպաննելու այս տրամադրութիւնը ներհակ է 20րդ դարու մտայնութեան», գրած է ան։