ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ պետական խորհրդարանի երեսփոխան, աշխարհահռչակ բեւեռախոյզ Արթիւր Չիլինկարով, Ռուսիոյ Տուլա մարզէն Դաշնակցային խորհուրդի անդամ )ծերակուտական) պիտի դառնայ։ Չիլինկարով պիտի փոխարինէ ծերակուտական Անաթոլի Վասքովը։
Նշենք, որ Արթիւր Չիլինկարով մօտէն ծանօթ է Տուլա մարզի նահանգապետ Վլատիմիր Կրուտզեւին։ Անոնք քանի մը անգամ սուզումներ իրականացուցած են միասին։ Ամէնէն նշանաւորը Արքթիքայի մէջ իրականացած սուզումն է, երբ երկու «Միր» սուզանաւերու անձնակազմերը ովկիանոսի յատակին դրած էին Ռուսիոյ դրօշը։