ՔԻԵՒ, «Թերթ.ամ».- Ուքրանիոյ Պոպերեչնոյէ գիւղի դպրոցին մէջ հայազգի փոքրիկն Արթուրը միակ առաջին դասարանցին է, եւ այնտեղ Սեպտեմբեր մէկի զանգը հնչած է միայն իրեն համար:

Արթուրը ստիպուած եղած է դասարան մտնել՝ իր առաջին ուսուցչուհիին ձեռքը բռնած:
Ըստ ուքրանական լրատուամիջոցներուն, Արթուրին «միակը» ըլլալուն պատճառը գործազրկութիւնն է եւ ծնելիութեան ցած մակարդակը:
Երեխային համար օրական մէկ ակադեմական ժամ յատկացուած է՝ 35 վայրկեան տեւողութեամբ, շաբաթը 5 անգամ: