
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, Ուրբաթ, Օգոստոս 26ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի 13րդ եզրափակիչ հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ աւելի քան 2500 հայորդիներու:
Հանդիսութիւնը սկսաւ բացման պարով, «Ովասիս»ի խումբերու տողանցքով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք խօսք առաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեանը: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի մէջ աշակերտները երգերու, պարերու, պտոյտներու, խաղերու եւ այլ դաստիարակչական միջոցներու ընդմէջէն, կ՛անցընեն հաճելի եւ օգտաշատ պահեր:
Ապա տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր վարժարաններէ համախմբուած «Ովասիս»ական աշակերտները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Անոնք երգեցին «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» եւ «Ձեռք տուր ընկեր իմ» երգերը, ինչպէս նաեւ պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական բազմաթիւ պարեր, որոնք ներկաներուն մօտ յառաջացուցին մեծ խանդավառութիւն: Յայտագիրի ծիրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ «քոնկ ֆու»ի ցուցադրութիւն:
Նշենք, որ «Ովասիս»ի իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր հայկական պատմական գրաւեալ հողերու անունը, մինչ դաշտին մէջ տեղադրուած էին Այբուբենը, Արարատը, եկեղեցի, Սարդարապատը, Արցախը եւ խաչքար խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած պատկերներ:
Յայտագիրի աւարտին աշակերտները իւրայատուկ կերպով կազմեցին «Ովասիս» բառը, որուն յաջորդեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին խօսքը: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի խումբերուն կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն տարազները Հայաստանի վերանկախացման 20ամեակին առիթով պատգամող խորհուրդներ կը փոխանցեն: Գալուստ աւելցուց, որ ամառնային ծրագիրին նպատակն է կրթել եւ դաստիարակել մանուկներն ու պատանիները, իսկ այս հանդիսութիւնը ցուցանիշ է հաստատելու, թէ «Ովասիս» իր նպատակին կը ծառայէ:
Իր խօսքի աւարտին Գալուստ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն «Ովասիս»ը առաւել եւս զարգանայ ու բարելաւուի, որպէսզի աւելի մեծ թափով շարունակէ իր աշխատանքը:
«Ովասիս»ի 13րդ հանդէսը փակուեցաւ հրավառութեամբ: