
ՈՒԻՆԵԹՔԱ, Քալիֆորնիա.- Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ գիշերներու ընտանեկան հաւաքոյթները պիտի վերսկսին Սեպտեմբեր 9ին, միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306), ժամը 8էն սկսեալ: Տեղեկութեանց համար դիմել (818) 342-0110 թիւին:
– Միութեան Տիկնանց եւ Ընկերային յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10ին պիտի կայանայ «Տոներ»ի («շաուրմա») երեկոյ, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետիս Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, վերոնշեալ հասցէին: Մուտքի սակը 50 տոլար է, իսկ մինչեւ 12 տարեկան երեխաներուն համար՝ 35 տոլար: Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 620-0581 եւ (818) 730-3226 թիւերուն:
– Միութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ Խորովածի երեկոյ: Մուտքի սակը 50 տոլար է: Տոմսերու համար դիմել (818) 207-3060 եւ (818) 486-1770 թիւերուն:
– Միութեան Տիկնանց եւ Ընկերային յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1ին տեղի պիտի ունենայ «Քազինոյի պտոյտ» մը, դէպի Սան Տիէկոյի «Հարազ» քազինօն: Մեկնումը՝ առաւօտեան ժամը 8ին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնէն, իսկ մասնակցութեան սակը 40 տոլար է, ներառեալ՝ նախաճաշ: Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 830-6181 կամ (818) 922-4606 թիւերուն:
– Շաբաթ, Նոյեմբեր 19ին, Մարինէ տել Ռէյի «Մարիո»չ պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ միութեան տարեկան պարահանդէսը, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 458-6324 կամ (213) 810-0940 թիւերուն:
Միութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 8ին եւ 9ին նախատեսուած Թորոնթոյի «Հրանդ Տինք փոքր բեմ» թատերախումբին ներկայացումները ջնջուած են: