ՄՈՍԿՈՒԱ.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7ին մեկնած է Եարոսլաւլ՝ մասնակցելու համար համաշխարհային քաղաքական ֆորումին:
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հովանիին ներքեւ տեղի ունեցող ֆորումին կը մասնակցին նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Լաթվիոյ նախկին նախագահ Վալդիս Զատլերսը:
Ըստ նախատեսուած ծրագիրի, Ապտուլլահ Կիւլ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Մետվետեւի եւ Մերքելի հետ:
Կիւլ-Մետվետեւ հանդիպումին, այլ հարցերու շարքին պիտի քննարկուի նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը: