
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վերջերս ատրպեճանական մամուլը յաճախ կ՛անդրադառնայ բանակին մէջ տիրող իրադարձութեանց, զեղծարարութեանց եւ յատկապէս պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի կողմէ դիրքի շահագործման դէպքերուն:
Ատրպէյճանի ռազմական վարժարանի սպաները քանի մը առիթներով Ապիեւի մասին նամակներ ղրկած են «Մուսաւա»չ թերթին, լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս երկրէն դուրս անոր ստացուածքները:
Նաեւ, սպաներէն մէկը «Պիզիմեօլ» թերթի միջոցով դիմած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, նշելով, որ ամբողջ բանակը «ծայրայեղ վատ իրավիճակի մէջ կը գտնուի:
«Չեմ կրնար ապահովել իմ եւ ընտանիքիս պահանջները: Թերթի միջոցով կը դիմեմ գերագոյն հրամանատար Իլհամ Ալիեւին: Բանակին մէջ այնպիսի վիճակ ստեղծուած է, որ զինուորները չեն կրնար հայրենասէր ըլլալ», գրած է ան:
Ապիեւը վարկաբեկող այս դէպքերու շարանը շատերուն մղած է մտածելու, թէ ան պաշտօնազրկուելու սեմին կը գտնուի:
Նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ երկրի վերնախաւը իր հսկողութեան տակ կը պահէ տեղեկատուական բոլոր աղբիւրները, փորձագէտներ կը նշեն, որ Ապիեւի նման դէմքի մը հասցէին հրապարակային յարձակումը կրնայ իրականանալ միայն անոնց կողմէ, որոնք Ապիեւէն աւելի ազդեցիկ դիրքերու վրայ են: Ըստ էութեան, ան կրնայ ըլլալ Իլհամ Ալիեւը:
Վերընտրուելու սահմանադրական արգելքը չէզոքացնելէ ետք, Ալիեւը շարք մը քայլերու դիմեց հաւանական մրցակիցները ասպարէզէն հեռացնելու համար: Այդ գործին մէջ անոր մեծապէս օգնեց Սաֆար Ապիեւը: Ի դէպ, Ապիեւի նախարարութեան օրօք բանակը զգալիօրէն արդիականացաւ ու վերազինուեցաւ: Ան հսկայական աշխատանք տարաւ եւ փորձեր ձեռնարկեց պարտուած բանակի ռազմական ոգին վերականգնելու, եւ ժողովուրդին մօտ բանակի նկատմամբ վստահութիւնը բարձրացնելու գծով: Սակայն այսօր Ապիեւը, ըստ էութեան, երկրին մէջ այն եզակի դէմքերէն է, որ իր ազդեցութեամբ եւ նիւթական հզօրութեամբ Ալիեւն ու անոր վարած քաղաքականութիւնը կրնայ հակակշռել:
Վերջերս ընդդիմադիր «Մուսաւա»չ թերթը գրած էր, թէ բանակի հրամանատարութեան կազմին մէջ Ապիեւի կատարած փոփոխութիւններուն հետեւանքով, զինուորական ուժերու բարձրագոյն սպայակազմի 90 տոկոսը ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ են: Այս հանգամանքը մտահոգութիւն յառաջացուցած է Ատրպէյճանի հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ, որոնք Ապիեւի այս քաղաքականութիւնը ազգային ապահովութեան սպառնալիք կը նկատեն: