ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական միութեան (ԵՄ) յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիպ Լեֆոր, որ պաշտօնական այցովը Երեւան կը գտնուի,

Չորեքշաբթի օր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ունեցած մամլոյ համատեղ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առումով արդէն գոյութիւն ունեցոպ Մինսկի խումբը հիմնարար ձեւաչափ է: Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ օժանդակել բանակցութիւններու ներկայ ձեւաչափին՝ օգտագործելով իր ունեցած հնարաւորութիւններն ու փորձառութիւնը:
«Մենք ԵՄի մէջ բաւականին մեծ քննարկումներ ունեցած ենք լիազօրութեան պահպանման հարցի վերաբերեալ եւ որոշած ենք պահպանել զայն եւ միացնել Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով լիազօրութեան», նշած է Ֆ. Լեֆորը՝ այս քայլը համարելով Հարաւային Կովկասի նկատմամբ ԵՄ շատ մեծ ուշադրութեան նշան:
Ֆ. Լեֆոր յայտնած է, որ ԵՄն Հարաւային Կովկասը կը համարէ առանձնակի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարեւանութիւն, որ նաեւ բաւականին խոստումնալից ապագայ ունի:
«Հարաւային Կովկասը տարածաշրջան է, որ կը գտնուի երկու մայր ցամաքներու եւ ծովերու միջեւ, որ զինք կը դարձնէ միջանցիկ եւ մշակութային տարբերակուածութեան տարածաշրջան՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային խաչմէրուկներուն վրայ: ԵՄն, որ մեծ քաղաքական խաղացող է, կ՛ուզէ ներկայ ըլլալ այս տարածաշրջանին մէջ եւ օժանդակել հակամարտութիւներու կարգաւորման», յայտնած է Լեֆոր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ողջունեց ԵՄ ցանկութիւնը՝ առաւել կարեւոր դեր խաղալու եւ աջակցելու բանակցային գոյութիւն ունեցող ձեւաչափին, այսինքն՝ խնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն:
«ԵՄն բազմիցս յայտարարութիւններ է արել, եւ մենք համամիտ ենք այն հարցի շուրջ, որ խաղաղ կարգաւորումն այլընտրանք չունի: Դովիլում էլ է յայտարարութիւն արուել, ԵՄն էլ շատ է յայտարարել, որ ուժի եւ դրա սպառնալիքների կիրառման փորձերը դատապարտելի են միջազգային հանրութեան կողմից», ընդգծած է Նալբանդեան:
Նալբանդեան եւ Լեֆոր, ասուլիսէն առաջ հանդիպած են արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ եւ քննարկած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կարեւորութիւն ներկայացնող այլ խնդիրներ:
Լեֆոր երէկ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: