ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր

8ի երեկոյեան Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանելիք եւ ուղղակի պատկերասփռուելիք ճառին ընթացքին մտադիր է յայտարարել նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու ծրագիր մը, որ 300 միլիառ տոլար պիտի արժէ։
Կը նախատեսուի, որ ան նաեւ մէկ տարիով երկարաձգէ աշխատողներու եկամտահարկը նուազեցուցած օրէնքը եւ անգործներու նպաստներու տրամադրումը:
Ան հաւանաբար պիտի առաջարկէ տուրքերու կրճատումներ՝ գործարարներու համար, զարկ տալու համար նոր աշխատատեղիներ ապահովելու ջանքերուն, միաժամանակ առաջ մղելով շինարարական շարք մը նախագիծեր։
Ըստ փորձագէտներու, Օպամայի այս նախաձեռնութիւններուն առնուազն մէկ մասը անգամ մը եւս հանրապետականներու ընդդիմաթեան հետեւանքով ձախողութեան պիտի մատնուին:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Յուլիս ամսուան ընթացքին երկրին մէջ թափուր աշխատատեղիներուն թիւը բարաձացած է, հասնելով 3.23 միլիոնի, սակայն նոյն ամսուան ընթացքին ընկերութիւնները նուազ քանակով աշխատաւորներ ընդունած են: