ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի հայ համայնքը սպասողական վիճակի մէջ է, Իսրայէլի խորհրդարանին

մէջ Հոկտեմբերին ակնկալուող Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քննարկումներուն պատճառով: Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան յայտնած է, թէ հակառակ ամառնային արձակուրդին, Հայ Դատը կապի մէջ է խորհրդարանի կրթական յանձնաժողովի անդամներուն հետ եւ տեղեակ է նորագոյն զարգացումներէն: «Խորհրդարանի որոշ անդամներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, երբ յայտարարութիւններ կը կատարեն Հայկական Հարցի մասին, ապա այդ մէկը անոնց անձնական նախաձեռնութիւնն է», նշած է Սեւան:
Խօսելով Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեանց մասին, Սեւան ընդգծեց, որ վերջերս անոնք զգալիօրէն բարձրացած են: «Կը կարծեմ, որ այսօր Իսրայէլը կը փորձէ օգտագործել Հայկական Հարցը, Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար», կարծիք յայտնած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախմբի պատասխանատուն, ընդգծելով, որ Հայկական Հարցի նկատմամբ վերջին տարիներու իսրայէլեան քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները անկիւնադարձային էին: Այդ մէկը նկատելի է նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքին մէջ, որ աւել հայամէտ դարձած է: «Մենք կը հաւատանք, որ վերջ ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գանք այս պայքարէն», ըսած է Սեւան:
Միւս կողմէ, իր տեղեկութիւները «Հապէր Թիւրք»էն քաղելով, «Մարմարա» Չորեքշաբթի օր յայտնեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի դէմ կիրարկուած նոր քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է, որ Իսրայէլ լրջութեամբ մօտենայ Թուրքիոյ դէմ Հայկական Ցեղասպանութեան խաղաքարտը գործածելու հարցին:
Իսրայէլի խորհրդարանի երեսփոխաններէն Արիէլ Էլտատ յայտնած է, որ թուրքերը պէտք է հատուցում վճարեն «Կապոյտ Մարմարա» նաւու գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած իսրայէլցի զինուորներուն համար եւ թէ ինք այժմ կը պատրաստէ ծրագիր մը, որով Իսրայէլի խորհրդարանի օրակարգին պիտի բերէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը։
Ըստ Իսրայէլեան թերթերու, Էլտատ ըսած է. «Թուրքիա պէտք է վճարէ Իսրայէլի դեսպանը երկրէն դուրս վտարելու փոխարժէքը»։ Ան կը խոստանայ իր բանաձեւը խորհրդարան յղել անմիջապէս, երբ խորհրդարանը իր աշխատանքներուն վերսկսի։
«Քաղաքական շրջանակներ վստահ են, որ այժմ իրարու աւելի պիտի մերձենան իսրայէլեան ու հայկական լոպիները, որոնք արդէն վերջերս սկսած էին շփումներ ունենալ իրարու հետ», կը նշէ «Հապէր Թիւրք»։