ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սեպտեմբեր 1ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ կայացած Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի կազմակերպող մարմնի նիստին, որուն մասնակցած են Սփիւռքի համահայկական կազմակերպութիւններու եւ ՀՀ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, քննարկուած է համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքը:
Մամուլով արդէն հրապարակուած է, որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 19ին եւ պիտի աւարտի 20ին, առիթ տալով մասնակիցներուն յաջորդող օրերուն ներկայ ըլլալու անկախութեան տարեդարձի տօնախմբութիւններուն:
Կազմակերպող մարմինը, վստահաբար գործնական մղումներով, արդէն իսկ պատրաստած է համաժողովէն բխելիք հռչակագիրի մը նախագիծը:
Ըստ նախարար Յակոբեանի, այս համաժողովին պիտի մասնակցի 400 հոգի: Արդիւնաւէտ ժողով մը դժուար թէ կարելի ըլլայ գումարել այդպիսի մեծ թիւով պատուիրակներու մասնակցութեամբ: Երկու օրուան ընթացքին հազիւ թէ պատուիրակները առիթ ունենան քանի մը միտք արտայայտելու, աւելի եւս անհաւանական է, որ կարծիքներ փոխանակելու ժամանակ գտնուի:
Հետեւաբար, կազմակերպութիւններու ղեկավարները դժուարութիւն պիտի ունենան իրենց մասնակցութիւնը իմաստաւորելու եւ «Սփիւռքի կառոյցներու ներկայացուցիչներու համաժողով»ի անունէն բխած ակնկալութիւնները գոհացնելու:
Առաւել եւս, համաժողովի պատգամը փոխանցող հռչակագիրի մը հիմնական դրոյթները առաջարկելու կամ առաջարկուած դրոյթները հանգամանօրէն քննարկելու:
Այսպիսի կարեւոր համաժողով՝ այս ձեւաչափով կազմակերպելը չեմ կարծեր որ օգտակար կրնայ ըլլալ իր առաջդրած խնդիրներուն լուծում գտնելու տեսակէտէն: Այլապէս, վստահ եմ որ մասնակցողները յուզումով լի պահեր պիտի ապրին եւ քաղցր յիշատակներով վերադառնան իրենց տուները: Հռչակագիրն ալ վստահաբար անվիճելի պիտի ըլլայ, բայց…