Ուրուկուէյի քաղաքական ղեկավարութիւնը դարձեալ առաջինը հանդիսացաւ հայութեան արդար իրաւունքներու մասին իր ձայնը բարձրացնելու:
Արդարեւ, Ապրիլ 20, 1965ին, Ուրուկուէյի խորհրդարանն էր, որ առաջին պետական կառոյցը հանդիսացաւ, որ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ դուռը բանալով այլ երկիրներու խորհրդարաններուն՝ որդեգրելու հայութեան դէմ գործուած ոճիրը ճանչնալու բանաձեւը:
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոն Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին, քանդեց լռութեան մէկ այլ պատ՝ դառնալով գործադիր իշխանութեանց ներկայացուցիչներէն առաջինը, որ ձայն բարձրացուց ի նպաստ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման:
«Այսօր մենք կ՛ուսումնասիրենք հարցը՝ պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի պատմականօրէն մաս կը կազմէ եւ պէտք է ըլլայ անկախ կամ կարճ ժամանակամիջոցին կցուի Հայաստանին: Այս է Արցախեան խնդրի միակ լուծումը», յայտարարեց Ալմակրոն՝ Հայաստան-Ուրուկուէյ խորհրդարանական խումբի նախաձեռնած համաժողովի ընթացքին:
Կ՛ողջունենք Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարի այս քաջարի ու արդար քայլը եւ կոչ կ՛ուղղենք աշխարհի բոլոր պետութիւններուն, որ ճանչնան քսան տարիէ ի վեր միջազգային հանրութեան աչքերուն առջեւ անօրինակ ձեռնհասութեամբ անկախ պետականութիւն կերտող Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: