
ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» թերթը կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը այս օրերուն երկու հարցեր ունի իր օրակարգին վրայ։ Առաջինը՝ Վանի Աղթամար կղզիին մէջ այս Կիրակի, Սեպտեբեր 11ին կատարուելիք արարողութիւնն ու ուխտագնացութիւնն է։ Աղթամարի եկեղեցւոյ նորոգութենէն ու իբրեւ թանգարան վերաբացումէն ետք, իշխանութիւնները ընդունած էին, որ տարին մէկ օր, նախընտրաբար Ս. Խաչի տօնին օրը, կրօնական արարողութիւն կատարուի այս եկեղեցւոյ մէջ։ «Անցեալ տարի բաւական աղմուկ բարձրացած էր խաչին հարցով։ Խաչը տեղադրուած չէր եւ այս պատճառաբանութեամբ Հայց. եկեղեցիի արտասահմանի ղեկավարները մերժեցին Վան գալ կամ պատուիրակ ղրկել։ Այս տարի այդպիսի հարց մը չկայ, խաչը տեղադրուած է եւ պատրիարքարանի շրջանակները վստահ են որ այս տարուան արարողութիւնը աւելի յաջող ու նպատակայարմար պիտի ըլլայ, արտասահմանէն ալ մեծ թիւով հայ ուխտաւորներ պիտի ժամանեն», կը գրէ «Մարմարա»:
Ըստ «Մարմարա»ի, Օրակարգի երկրորդ հարցը բաւական ծանրակշիռ ու բազմածախս ձեռնարկի մը մասին է։ Տիգրանակերտի )Տիարպեքիր) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութիւնն է այդ, որ յառաջ կը տարուի տենդագին աշխատանքով ու մեծ ծախսերու դիմագրաւումով։ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մասնակի նորոգութիւնը աւարտած պէտք է ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբեր 22, որովհետեւ որոշուած է այդ օրը օծում կատարել, իսկ յաջորդ օրը մատուցել Ս. պատարագը, երկար տասնամեակներու ընդմիջումէ մը ետք։

«Պատրիարքարանին մէջ Սեպտեմբեր 6ին այս նպատակով ժողով մը գումարուեցաւ: Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան ընդունեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ նորոգութեան օժանդակ մարմինի անդամները։ Այս ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ նորոգութեան ու բարեզարդման համար վերջին 15 ամիսներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքը, տեղեկութիւն տրուեցաւ ամավարկին մասին։ Թաղային խորհուրդը դիտել տուաւ, որ այս ժամանակաշրջանին հաւաքուած գումարն է 2,200,000 լիրա, ինչ որ բաւարար չէ, որպէսզի նորոգութիւնը աւարտի: Տակաւին պէտք է 1.5 միլիոն լիրա։ Այս աշխատանքի ընթացքին պիտի կատարուին բոլոր բարեզարդումները եւ պիտի վերականգնի եկեղեցւոյ զանգակատունը», կը տեղեկացնէ «Մարմարա»:
Ըստ նախատեսուած յայտագիրին, եկեղեցւոյ նորոգութեան մնացեալ մասը պիտի շարունակուի օծումէն վերջ, հաւանաբար տեւելով մէկուկէս տարի եւս։
«Մարմարա» դիտել կու տայ, որ արտասահմանի հայութիւնը շատ մօտէն կը հետեւի եկեղեցւոյ նորոգութեան գործընթացին։ «Հոկտեմբեր 22ը յիշատակելի թուական մը պիտի դառնայ բազմաթիւ հաւատացեալներու, մասնաւորաբար տիգրանակերտցի մեր ցեղակիցներուն համար», կ՛եզրափակէ «Մարմարա»։