ԼՈՆՏՈՆ.- «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Թուվալուն ճանչցած է Աբխազիոյ անկախութիւնը։
Այս կղզիախումբը Ռուսիայէն, Նիքարակուայէն, Վենեզուելլայէն եւ Նաուրուէն ետք, Աբխազիոյ անկախութիւնը ճանչցած հինգերորդ պետութիւնն է։
Թուվալու 26 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ունեցող կղզիներու խումբ մըն է, որուն բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 10,550 է։