ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գայսերիի «Էրճիյէս» համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ ուսանողներ սկսած են յաւելեալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու հայերէն ու եբրայերէն լեզուներու ամպիոններուն նկատմամբ, որոնք անցեալ տարի բացուած էին:
Սոյն համալսարանը Թուրքիոյ մէջ միակն է, ուր այսպիսի ամպիոններ կը գործեն։ Անցեալ տարի հայերէն ու եբրայերէն սորվելու համար արձանագրուած էին 12 ուսանողներ, իսկ այս տարի այդ թիւը բարձրացած է 28ի։ Ըստ համալսարանին, այն ուսանողները, որոնք եբրայերէնի ու հայերէնի ամպիոններէն կը վկայուին, դիւրութեամբ գործ կը գտնեն պետական համակարգէն կամ մեծ ընկերութիւններէ ներս։