«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոմիութիւնը որոշած է Վրաստանի մէջ իր դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել։ Ըստ Եւրոմիութեան մամլոյ բանբերին, մէկ տարուան համար, առաքելութեան պիտի յատկացուի 23.9 միլիոն եուրօ։ Վրաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը սկսած է Հոկտեմբեր 2008ին, այդ տարուան Օգոստոսին տեղի ունեցած ռուս-վրացական պատերազմէն ետք։ Առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն աւելի քան 200 անզէն դիտորդ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.