
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23ին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿի լիիրաւ անդամ դառնալու դիմումը պաշօնապէս յանձնեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին, անտեսելով նման քայլի մը չդիմելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կոչերը:
Պան Քի Մուն մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Իսրայէլ ու Պաղեստին հաշտութեամբ քով քովի պէտք է ապրին։ Ըստ անոր, թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ Պաղեստին, յանուն իրենց ժողովուրդներու ապագային ու յանուն հաշտութեան՝ պատմական որոշումներ որդեգրելու հանգրուանին մէջ են:
Արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Նիւ Եորքի մէջ իրենց տարեկան ժողովին ընթացքին, Ուրբաթ օր միաձայնութեամբ զօրակցեցան Պաղեստինեան պետութեան ՄԱԿի լիիրաւ անդամակցութեան դիմումին։
Մինչ այդ, Իսրայէլ մերժեց Պաղեստինին՝ ՄԱԿի մէջ դիտորդի կարգավիճակ տալու Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի առաջարկը, եւ ամրապնդեց իր երկրին ապահովական միջոցառումները, որոնց ծիրէն ներս՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ դրաւ։