ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գրեթէ մէկ դար անցած է, սակայն Թուրքիոյ հանրապետութիւնը շարունակ կը վարկաբեկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը յամառօրէն մերժելուն համար:
Հոկտեմբերի սկզիբը, Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դատապարտեց Թուրքիան՝ յայտարարելով, որ 96 տարին բաւական երկար ժամանակ է, որ Անգարան ալ հաշիւի նստի իր կատարած ցեղասպանական արարքներուն հետ: Ան նաեւ սպառնաց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժել պահանջող օրէնքը ընդունիլ, եթէ Թուրքիան մօտ ապագային չճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի ողջամիտ խորհուրդին հետեւելու փոխարէն, Թուրքիոյ ղեկավարները հակադարձեցին՝ յարձակելով անոր վրայ եւ նախատելով անոր երկիրը:
Ստորեւ՝ թուրք ժխտողականներու կողմէ կատարուած կարգ մը յայտարարութիւններ.
– Վարչապետ Էրտողան. «Սարքոզի նախ պէտք է ինքնիր խորհուրդին հետեւի: Ան տարբեր է Ֆրանսայի մէջ, տարբեր է Հայաստանի մէջ եւ լրիւ տարբեր՝ Թուրքիոյ մէջ: Քաղաքական առաջնորդ մը չի կրնար այդքա՛ն երկերեսանի ըլլալ: Քաղաքականութիւնը ազնուութիւն կը պահանջէ: Դուք պէ՛տք է իմանաք, որ Թուրքիան այդ փոքրիկ պատառը չէ, զոր հեշտութեամբ կարելի է կուլ տալ»:
– Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու. «Ֆրանսա պէտք է դէմ յանդիման գայ իր սեփական պատմութեան հետ: Ես այսպիսի ակնարկներ կը համարեմ քաղաքական պատեհապաշտութիւն»:
– Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ. «Եթէ Սարքոզի պատմաբանի դեր ստանձնելու փոխարէն՝ աշխատէր իր երկիրը դուրս բերել տնտեսական տագնապէն, աւելի մեծ օգուտ կ՛ունենար ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ Եւրոպայի համար»:
– Ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի. «Ֆրանսայի նախագահը «կոպիտ եւ վատ դաստիարակուած» մարդ է: Մեր խորհուրդն է Սարքոզիին, որ եթէ ան կ՛ուզէ ցեղասպանութեան օրինակ մը տեսնել, ապա պէտք է ետ նայի իր պատմութեան: Ան յստակօրէն պիտի տեսնէ Ալճերիոյ մէջ իրականացուած բարբարոսութիւնները եւ պիտի նկատէ բացայայտ ու թաքուն ջարդերը Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ»:
Թուրքիոյ յարձակումները շարունակուեցին անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսարանին առջեւ ցոյցերով, ուր ցուցարարներ բռնած էին Ատոլֆ Հիթլըրի պեխերով պատկերուած Սարքոզիի դիմանկարը, եւ կ՛մբաստանէին ենթադրեալ յանցագործութիւնները, որոնք կատարուած են Ֆրանսայի կողմէ, Ալճերիոյ պատերազմին ընթացքին:
Զարմանալիօրէն, Թուրքիոյ պաշտօնատարները բաւարարուեցան նախագահ Սարքոզիի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ մեղադրական բառեր հնչեցնելով միայն: Կը բացակայէին Թուրքիոյ դեսպանի՝ արդէն սովորական դարձած յետկանչը եւ ֆրանսական ապրանքները «պոյքո»չի մատնելու սպառնալիքները: Հաջող շունը չի խածներ:
Ֆրանսայի նախագահը անվրդով մնաց թրքական պոռթկումներուն դիմաց: Երբ Փարիզ վերադարձաւ, ան նամակ մը ուղարկեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին, վերահաստատելով Հայաստանի մէջ իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները. «Վստահ եղէ՛ք, որ Ֆրանսան պիտի չդադրեցնէ իր յանձնարարութիւնը այնքա՛ն ժամանակ, քանի տակաւին այդ ջարդերը հարկ եղած ձեւով չեն ճանչցուած զանոնք իրականացնողներու ժառանգորդներուն կողմէ»: Նախագահ Սարկոզի շարունակեց իր խօսքը՝ ըսելով, որ «իմ պետական այցէն նախ եւ առաջ մնացած է այն խոր յուզմունքի զգացումը, զոր ապրեցայ, երբ յարգանքի տուրք մատուցեցի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մօտ, 1915ի Ապրիլ 24ին ձեր ժողովուրդին դէմ իրագործուած մահապատիժի զոհերու յիշատակին»: Երբ Ֆրանսայի նախագահը լսեց իր յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ Թուրքիոյ կատաղի արձագանգը, իր օգնականներուն ըսաւ, որ ինք չի զղջար. «Թուրքերը միշտ ատած են զիս, ուստի ատիկա մեծ խնդիր չէ»:
Այնուամենայնիւ, Ֆրանսայի խորհրդարանականներէն ոմանք վրդոված էին՝ լսելով, թէ վարչապետ Էրտողան մեղադրած է նախագահ Սարքոզին երկերեսութեամբ: Անոնք Թուրքիոյ ղեկավարին վիրաւորական բառերը ընդունեցին հեգնական բացագանչութիւններով, Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս:
Նախկին դեսպան Օմեր Էնկին Լիւթեմ, իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ եթէ Ֆրանսան արգիլէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը, ապա եւրոպական այլ երկիրներ եւս պիտի հետեւին իր օրինակին: Ան զգուշացուց Թուրքիոյ հանրութիւնը, որ իրադարձութիւններու նման զարգացում մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ ամեակի շեմին, կրնայ մեծ յաղթանակ մը ըլլալ հայերուն համար:
Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու ոլորտի աշխոյժ գործիչ Մուրատ Պելկէ, բացասաբար ընդունեց իր երկրի ղեկավարներուն արձագանգը: Ան խիզախօրէն մեղադրեց բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն, թէ «Մենք՝ թուրքերս, լաւ մարդիկ ենք, մենք չենք սպաններ կամ ցեղասպանութիւն չենք գործեր»: Նման յայտարարութիւններ «զրպարտութիւն» են, նշեց Պելկէ:
Մէկ այլ ականաւոր թուրք մտաւորական եւ մեկնաբան Ահմետ Ինսել, կշտամբեց վարչապետ Էրտողանը այն խօսքերուն համար, թէ նախագահ Սարքոզի պէտք է նայի Ֆրանսայի գաղութատիրական անցեալին: Ինսելը կը հետաքրքրէ այն, որ արդեօ՞ք Էրտողան իսկապէս պիտի ընդունէր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, եթէ Ֆրանսան ընդունէր իր սեփական պատմութիւնը, եւ թէ ի՞նչ պիտի ընէր Թուրքիան, եթէ միեւնոյն առաջարկները հնչէին այլ երկիրի մը կողմէ, որ չունի իր պատմութեան մէջ մութ էջեր…: Ինսել նկատել տուաւ, որ ասիկա միեւնոյն վարչապետն է, որ յայտարարած էր, թէ Օսմանեան բոլոր արխիւները բաց են, մինչ իր կառավարութիւնը կ՛արգիլէր այս փաստաթուղթերուն տեղադրումը համացանցի վրայ:
Ինչպէս իրանցի դիւանագէտ մը վերջերս նշած էր. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դամոկլեան սուր է՝ կախուած Թուրքիոյ գլուխին»: Վաղ թէ ուշ, Թուրքիոյ իմաստուն ղեկավար մը վերջապէս պիտի հասկնայ, որ Թուրքիոյ համար Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը աւելի շահաւէտ է, քան անոր շարունակական մերժումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ