ՊՈԼԻՍ, «Ակունք».- Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութիւնը (TGC) որոշած է 1915ին Հայոց

Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ երկու լրագրողներու անունները ընդգրկել «Թուրքիոյ տարածքին սպաննուած լրագրողներու ցանկ»ին մէջ: Ընկերակցութիւնը հետեւած է Ժամանակակից լրագրողներու ընկերակցութեան (IGD) օրինակին, ուստի Մամլոյ թանգարանին մէջ յատուկ տարածք պիտի յատկացուի հայ լրագրողներու յիշատակին համար:
«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ անոնք մեր գործընկերներն էին, անոնց կրօնը, լեզուն եւ գործունէութիւնը էական չէ», «Հիւրրիյէ»չ թերթին յայտնած է TGC-ի փոխնախագահ Ահմեթ Օզտեմիր:
Սակայն, ի տարբերութիւն Ժամանակակից լրագրողներու ընկերակցութեան, որ սպաննուած լրագրողներու իր ցանկին մէջ վերջերս ներառած էր տասը հայ լրագրողներու անուններ, TGC-ն կը ծրագրէ ընդգրկել միայն երկու լրագրողներու՝ «Սապահ» եւ «Ճիհան» պարբերականներու խմբագիր Տիրան Քելեքեանի եւ գրող, Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Գրիգոր Զոհրապի անունները:
Զոհրապն ու Քելեքեանը այն հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու շարքին էին, որոնք 24 Ապրիլ 1915ին Պոլիսէն տեղափոխուեցան եւ սպաննուեցան: