ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, ըստ նախնական պայմանաւորուածութեան, Հոկտեմբեր 22ին պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն: ԼՂՀ նախագահի մամլոյ քատուղար Դաւիթ Բաբայեան այս լուրը հաղորդելով աւելցուցած է, որ այս անգամ եւս համանախագահները պիտի հանդիպին նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Նշենք, որ համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ, Ռապըրթ Պրատթքէի եւ Իկոր Փոփով Հոկտեմբեր 21ին եւ 22ին պիտի գտնուին Երեւան, ուր պիտի հանդիպին նա-խագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: