
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլեըմ Պըրնզի առաջին արտերկրեայ այցելութիւնը եղած է Հայաստան եւ տարածաշրջան: Ան եկած էր վերահաստատելու համար Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ մասնաւորապէս որոշ կարեւոր խնդիրներու լուծման առնչութեամբ:
Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցով, Պըրնզ գրեթէ նոյնութեամբ կրկնած է այն, ինչ ըսած էր Պաքուի մէջ. իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցով ստանձնած իր աշխոյժ դերակատարութիւնը: Իսկ Մինսկի խումբի համանախագահ միւս երկու երկիրներուն՝ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի:
«Ակնյայտ է մէկ բան. ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման համար ռազմական լուծում չկայ: Ակնյայտ է նաեւ, որ իրավիճակը չի կրնար պահպանուիլ: Ուստի անհրաժեշտ է խնդիրի լուծման մօտենալ հրատապութեան տեսանկիւնէ: Տովիլի մէջ Մինսկի խումբի համանախագահ պետութիւններու ղեկավարներուն յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, թէ երկու երկիրներու նախագահները պէտք է իրենց ժողովուրդները պատրաստեն խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի», յայտնած է Պըրնզ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու արձագանգը Հայաստանի նկատմամբ, եթէ պաշտօնական Երեւանը որոշէ ետ վերցնել ստորագրութիւնը Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգներ սոյն արձանագրութիւններուն ամենամեծ ջատագովներէն էր՝ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան պարզաբանումներ չկատարեց: Փոխարէնը՝ կրկնեց երկու տարի շարունակ հնչող խօսքերը:
«Միացեալ Նահանգներ միշտ սատարած է Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն: Կը հաւատանք, որ երկու երկիրներու շահերէն կը բխի՝ առաջ անցնիլ եւ վաւերացնել արձանագրութիւնները: Կը շարունակենք քաջալերել մեր Թուրքիոյ գործընկերները, որպէսզի առաջ անցնին այս հարցին մէջ: Արձանագրութիւններու վաւերացումը, կը կրկնեմ, կը բխի երկու ժողովուրդներու շահերէն: Որքա՛ն շուտ՝ այնքա՛ն լաւ», ըսած է Ու. Պըրնզ:
Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման գործին: Յատկապէս յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կարեւոր է մրցակցային քաղաքական միջավայրի առկայութիւնը: Ամերիկացի պաշտօնեան ընգծեց Հայաստանի մէջ անկախ լրատուամիջոցներու եւ անկախ դատական համակարգ ստեղծելու կարեւորութիւնը, իսկ իրատես ըլլալլու համար, ան աւելցուց, որ անոնք հեշտ չեն իրագործուիր: