
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, մօտաւորապէս 10,000 թուրք զինուորներ միացան մէկ օր առաջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն եւ հիւսիսային Իրաքէն ներս զինուորական գործողութիւններուն, որոնց մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ Իրաքի քրտաբնակ հողերուն վրայ:
Թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ առնուազն 24 զոհ խլած մէկ օր առաջուան քրտական յարձակումին ընթացքին, աւելի քան 250 քիւրտ զինեալներ հիւսիսային Իրաքէն սահմանը անցնելով՝ միաժամանակ յարձակումներու թիրախ դարձուցած են ապահովական ութ ստորաբաժանումներ՝ ոստիկանատուներ, զինուորական կայաններ ու պահակակէտներ։
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, իրենց առաքելութիւնը ամբողջացնելէ ետք, քիւրտ զինեալներուն մեծ մասը յաջողած է վերադառնալ հիւսիսային Իրաք, մինչ թուրք զինեալ ուժեր օդէն ու ցամաքէն կը ռմբակոծէին անոնց փախուստի ճամբաները։
Լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, թէ Չորեքշաբթի օր առնուազն 21 «ահաբեկիչներ» սպաննուած են, սակայն քրտական աղբիւրներ կը պնդեն, թէ միայն 7 քիւրտ ապստամբներ սպաննուած են:
Հինգշաբթի օր հողին յանձնուած զինուորներուն մէջ կային յիսնապետ մը եւ երկու ենթասպաներ։
Թուրք զինուորներուն սպանութեան լուրը բողոքի մեծ ալիք ստեղծեց երկրին մէջ։
Խորհրդարանէն ներս իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու ընդդիմադիր կուսակցութեանց երեսփոխաններուն միջեւ ծանր վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան, եւ ընդդիմութիւնը այս դէպքին պատասխանատու համարեց կառավարութիւնը:
Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու իր կարգին պահանջեց, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հրաժարի։ Ան նշեց, որ կառավարութիւնը երկիրին կարիքները չի բաւարարեր եւ անկարող է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու։ Քըլըչտարօղլու նաեւ պահանջեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գնահատական մը տալու համար խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբ մը կազմուի։
Դէպքէն անմիջապէս ետք Ամերիկայէն զօրակցական կոչ մը եկաւ, ու ամերիկեան վարչակազմը անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարին մէջ կանգնած է Թուրքիոյ կողքին։
Իրաքի եւ հիւսիսային Իրաքի քրտական կառավարութինները դատապարտեցին թրքական ուժերու վրայ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յարձակումը՝ խոստանալով իրենց կարելի ընել նման յարձակումներու կրկնութեան առաջքը առնելու համար, մաժամանակ ոչինչ ըսելով թրքական ներխուժումին կապակցութեամբ:
Անգարա այցելող հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստան շրջանի վարչապետ Ներչիվան Պարզանի, Հինգշաբթի օր հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ, մինչ Թուրքիոյ խորհրդարանը դռնփակ նիստ մը գումարեց, առնուելիք ապագայ քայլերը քննելու նպատակով: Ան յայտնեց, որ հիւսիսային Իրաքի շրջանային վարչակազմի նախագահ Մասուտ Պարզանի մօտ օրէն Թուրքիա պիտի այցելէ՝ շեշտելով, որ Անգարայի հետ բոլոր բնագաւառներուն մէջ համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի։
Թրքական մամուլը կը գրէ, որ քիւրտ զինեալներ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ յաջողած էին իրենց ծանր զէնքերով մուտք գործել Թուրքիոյ սահմաններէն ներս՝ նախապատրաստական աշխատանք կատարելով:
Քրտական յարձակումին դէմ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օր Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան՝ դատապարտելով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ վրէժխնդրական կոչեր կատարելով։ Ցուցարարներ գլխաւորաբար քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան գրասենեակներուն դիմաց հաւաքուելով՝ իրենց ձայնը բարձրացուցին։
Մամուլը նաեւ կը հաղորդէ, թէ քիւրտ ապստամբները ծրագրած էին ահաբեկչական այս գործողութիւնը իրականացնել Հոկտեմբեր 15ին, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի կողմէ շրջանի զինուորական ու ոստիկանական պահակակէտներ տրուած այցելութեան ընթացքին, սակայն տրուած ըլլալով, որ ապահովական միջոցառումները շատ խիստ եղած են, անոնք յետաձգած են իրենց գործողութիւնը։